Ակնարկ. Թուրք-Ազրպէյճանական Հասարակաց Գիծ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ, Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Սիյաւուշ Նովրուզով յայտարարեց, որ ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուս, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ հաստատուած եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ բողոքող ազրպէյճանցիները ծագումով հայ են: Ըստ երեսփոխանին, վերջիններս Եւրոպայի մէջ կը պնդեն, որ Ազրպէյճանի մէջ զիրենք ճնշած են իրենց հայկական ծագումին համար: Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը փաստօրէն կը հետեւի իր ղեկավար Իլհամ Ալիեւի օրինակին, որ հազիւ քանի մը օր առաջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին առջեւ բացայայտ սուտեր «գլորած» էր:
Ազրպէյճանի նախագահը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին նիստին ընթացքին իր ունեցած կոշտ ու սուտերով լեցուն ելոյթով պարզապէս հաստատեց այդ կառոյցին մէջ իր վարչակարգին հասցէին հնչած քննադատութիւնները, աւելի՛ն, իր քաղաքական սնանկութիւնը փաստելով բրիտանացի երեսփոխանի մը վրայ մատ թափահարեց` մոռնալով, թէ ինք այդ պահուն Եւրոպա կը գտնուի եւ ոչ թէ Ազրպէյճան:
Ան իր այդ ընթացքով ինքն իր մասին այնպիսի հակաքարոզչութիւն մը կատարեց, որ հայկական կողմը չէր կրնար նոյնիսկ այդ մասին մտածել. շնորհակալութի՜ւն պարոն Ալիեւ:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը թուին նաեւ կապկել Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն Եուսուֆ Հալաճօղլուն եւ թրքական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավարները, որոնց ընդդիմախօսներուն հակաճառելու վերջին զէնքը զանոնք հայկական ծագում ունենալու յանցանքով «ամբաստանելն է»:
Վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք առաջարկած էր թրքախօս պետութիւններուն համար միասնական այբուբեն եւ լեզու ստեղծել, իսկ Ալիեւ Չիչեքի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած էր. «Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն բացի թրքական աշխարհի միութեան համար պայքարող որեւէ այլ երկիր չկայ»` աւելցնելով. «Մենք մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն ենք»:
Այս հասարակաց գիծերուն վրայ եթէ նաեւ նկատի ունենանք այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած է առ ի զօրակցութիւն Ազրպէյճանի, եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը ղարաբաղեան տագնապի ազրպէյճանամէտ լուծումով կը պայմանաւորէ, ապա կարելի է եզրակացնել, որ փանթուրանականութիւնը տակաւին ողջ ու առողջ է:

