«Հարաւային Հոսք»-ը Պէտք Է Կանգնեցնել` Մինչեւ Եւրոպական Միութեան Արժեչափերուն Ամբողջովին Համապատասխանելը» Ըսաւ Օթինկըր

Կունթըր Օթինկըր
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Կունթըր Օթինկըրի կարծիքով` «Հարաւային հոսք» խողովակաշարին շինարարութիւնը պէտք է դադրեցուի` մինչեւ Եւրոպական Միութեան արժեչափերուն ամբողջովին համապատասխանելը:
Օթինկըր Եւրոպական Միութեան ուժանիւթային քաղաքականութեան հարցերով կլոր սեղանին ընթացքին ըսած է. «Հարաւային հոսք» նախագիծը պէտք է դադրեցուի` մինչեւ Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան ամբողջովին համապատասխանելը»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր կոչ ուղղած էր չքաղաքականացնելու «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի կառուցման հարցը` նշելով, որ այդ նախագիծը ձեռնտու է ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան: Ան նախագիծի իրականացումը տապալելու Միացեալ Նահանգներու փորձերը սովորական մրցակցային պայքար նկատած էր:
63 միլիառ խորանարդ մեթր հզօրութեամբ «Հարաւային հոսք» խողովակաշարը կը նախատեսուի կառուցել Ռուսիայէն մինչեւ Պուլկարիա` Սեւ ծովու յատակով: Պուլկարիա հասնելէ ետք կազը պիտի բաշխուի Եւրոպայի տարբեր երկիրներ: Աւստրիական հատուածի կարողականութիւնը պիտի կազմէ տարեկան 30-32 միլիառ խորանարդ մեթր:

