Քորսիքայի Ազգային Ազատագրութեան Ճակատը «Միակողմանի Եւ Առանց Նախապայմանի» Զինաթափում Կը Յայտարարէ
Քորսիքայի անջատողական գլխաւոր խմբաւորումը` Քորսիքայի ազգային ազատագրութեան ճակատը (ՔԱԱՃ), որ կղզիի Ֆրանսայէն անկախութեան համար 1970-ական թուականներէն ի վեր յարձակումներ գործած է, անակնկալ քայլով մը յայտարարեց, որ զէնքերը վար կը դնէ:
Խմբաւորումը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ «միակողմանի կերպով որոշեց ապառազմականացման հոլովոյթի մը սկսիլ… առանց որեւէ նախապայմանի»` աւելցնելով, որ իր անդամները այլեւս քորսիքական եւ ֆրանսական հողամասերու վրայ զինուորական որեւէ արարքի պատասխանատուութիւն պիտի չստանձնեն:
Խմբաւորումը նաեւ քաղաքագէտներուն կոչ ուղղած է «քաղաքական լուծումի մը ընդհանուր գիծերը ուրուագծելու» եւ «ֆրանսական պետութեան հետ նոր կարգավիճակի մը շուրջ բանակցելու ու բանտարկեալներուն հարցը լուծելու»:
1976-ին կազմուած Քորսիքայի ազգային ազատագրութեան ճակատը եւ շարք մը այլ խմբաւորումներ Քորսիքայի մէջ հարիւրաւոր յարձակումներ գործած են` պահանջելով ինքնավարութիւն: Անոնք նաեւ մեղադրուած են զինեալ գողութիւններու եւ այսպէս կոչուած «յեղափոխական տուրքերու» ճամբով կեղեքումի համար:

