Տեմիրթաշ Թուրքիոյ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրուած Է

Սալահէթթին Տեմիրթաշ
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Սալահէթթին Տեմիրթաշ յառաջիկային երկրին մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան մէջ առաջադրուած է նախագահի թեկնածու:
Տեմիրթաշ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին յայտնած է թրքական «Հապեր Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի ուղղակի սփռումին ընթացքին: Ան ըսած է, որ այս շաբաթավերջին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին համար պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը պիտի յայտարարէ:
Քիւրտ ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ ընտրութիւններուն մէջ իր թեկնածութիւնը պիտի պաշտպանէ նաեւ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ընտրախաւին մէկ մասը, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է:
Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած են 10 օգոստոսին: Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին ընտրուելու համար իբրեւ թեկնածուներ կը շրջանառուին երկրի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Էքմելէտտին Իհսանօղլուի, իզմիրցի ճարտարապետ Պուրհան Էրոլի, կին դասախօս Ուչվիէ Քաֆալը Օլկունի եւ կին փրոֆեսէօր Պուշրա Էրսանլըի անունները:

