Խոստովանութիւններու Իբրեւ Արդիւնք` Բանակը Ֆնայտեքի Մէջ Կը Գրաւէ Զէնքի Պահեստանոց Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալեալ Մահմուտ Խալետի հետ կատարուած հարցաքննութիւնը փաստած է, թէ Աքքարի Ֆնայտեք գիւղին մէջ կը գտնուի զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոց մը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակի մէկ զօրամասը ներխուժած է նշեալ վայրը եւ գրաւած մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ հրասանդներ, ձեռնառումբեր, պայթուցիկ նիւթ եւ պողպատեայ գունդեր, որոնք կ՛օգտագործուին ականուած գօտիներ պատրաստելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած Մունզեր Խալտուն Հասանի լուսանկարէն բացի, հետաքննութիւնները ի յայտ բերին, որ Մունզեր Հասան Մոհթասեմ Հասանի եւ Հասան Հասանի եղբայրն է:

Մոհթասեմ Հասան (ճանչցուած` Ապու Մոհազ անունով)  եւ Հասան Հասան (ճանչցուած` Ապու Օսման անունով) Ժունտ Շամի անդամներ են, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են:

«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Մունզեր Խալտուն Հասանի եղբայրներէն մէկը բանտարկուած է եւրոպական երկրի մը մէջ` գնացքներ պայթեցնելու ամբաստանութեամբ, իսկ անոր միւս երկու եղբայրները Ռումիէի արգելափակեալներ են:

Անոնք մաս կը կազմեն Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներու խմբաւորումին:

Հասան եղբայրները ունին նաեւ այլ ազգական մը, որ ինքզինք ականուած գօտիով մը պայթեցուցած է 20 մայիս 2007-ին, ապահովութեան ուժերուն եւ Ֆաթհ Իսլամին միջեւ Նահր Պարետ գաղթակայանի բախումներուն ընթացքին:

Հետաքննութիւնները փաստեցին նաեւ, որ Մունզեր Հասան միայն գումակային դերակատարութիւն չունի, այլեւ` համադրողի դերակատարութիւն: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Հասան լիբանանցի բարձրաստիճան զինուորական մը սպաննելու նպատակով Լիբանան հասած սէուտական խմբակին յայտնած է, թէ անոնց ստանձնելիք գործողութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է:

Նշենք, որ Ռաքքայի մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ի «Թաուհիտ» փաղանգի իշխանը յանձնարարած է Ռաուշէի ահաբեկիչներուն Թուրքիայէն ուղղուիլ Լիբանան, ուր անոնք դիմաւորուած են Հասանի կողմէ, որ նաեւ ապահոված է անոնց ականուած գօտիները եւ ճշդած, թէ անոնք «Սահա» ճաշարանին մէջ պիտի կատարեն իրենց անձնասպանական գործողութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES