«Ահաբեկչութիւնը Ոչ Մէկ Քաղաքացիութեան Հետ Կապ Ունի Եւ Հանրային Կարծիքը Շեղելը Ամօթ Է» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

2706abbas-ibrahimՆերքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ անդրադարձաւ կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ դիտումնաւոր կերպով լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելու քայլերուն եւ այս երեւոյթը ամօթալի արարք մը նկատեց:

Ան նշեց, որ կարգ մը լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ հաղորդուած այն լուրերը, թէ Հըզպալլայի անդամներ մուտք գործած են ահաբեկիչի մը բնակարանը եւ սպաննած զայն, ապա անոր շուրջ ականներ զետեղած են եւ տեղեկացուցած ապահովական կառոյցները, թէ Ռաուշէի «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ կը գտնուին այլ ահաբեկիչներ, խիստ մերժելի են:

«Լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը նման լուրերով շեղելը ամօթալի է: Մենք` իբրեւ պաշտօնական ապահովական կառոյցներ, մեր պարտականութիւնները լիովին կը կատարենք, եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով կրնանք հաստատել, որ լրատուամիջոցներուն կողմէ առնուած այս քայլին նպատակը լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելն է», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Ռաուշէի մէջ ձերբակալուած ահաբեկիչը, որ այրուածքներ ունէր, համապատասխան բժշկական խնամք ստացած է եւ կ՛ենթարկուի հարցաքննութեան:

Ան նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը մնայուն կերպով Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան հետ կապի մէջ է, եւ դեսպանին փոխանցուած է, թէ ահաբեկչութիւնը ոչ մէկ քաղաքացիութեան հետ կապ ունի:

Ապպաս Իպրահիմ դրուատեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ այդ իմաստով Լիբանանի կառավարութեան ապահոված քաղաքական նպաստաւոր մթնոլորտը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է յաջողութիւններ արձանագրել: «Միւս կողմէ, Լիբանան կը գտնուի հրդեհներով լեցուն շրջանի մը մէջ եւ ոչ թէ առանձնացած կղզի մըն է, հետեւաբար կարելի չէ անտեսել որեւէ տեղեկութիւն», ընդգծեց ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES