Երեսփոխան Միշել Հըլու Ոչ Եւս Է

Միշել Հըլու
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Միշել Հըլու երէկ մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն գուժեց Հըլուի մահը:
Հըլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 28 յունիս 2014-ին, անոր ծննդավայրին` Ժեզզինի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

