Միւֆթի Քապպանի Զգուշացուց Պայթումներու Շարունակութենէն
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց ռամատանի առիթով իր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը արտասովոր է եւ այդ առնչութեամբ պէտք է անմիջական լուծումի մասին մտածել:
Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու, ինչ ալ ըլլան պայմանները կամ հետեւանքները:
Միւֆթի Քապպանի զգուշացուց պայթումներու շարունակութենէն` աւելցնելով, որ առանց նախագահի գոյութեան կարելի չէ լուծումներու յանգիլ:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը ազգային կտակ մը չէ, որպէսզի քաղաքական անձնաւորութիւնները ջանան բաժնեկցիլ զայն:
«Նախագահական աթոռին թափուր մնալը առիթ կու տայ, որ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը խախտումներու ենթարկուի, եւ Լիբանանի թշնամիները անոր դէմ չարիքներ գործեն», ըսաւ ան:
Քապպանի կոչ ուղղեց կանխարգիլելու սադրանքները եւ պաշտօնավարութեան երկարաձգումին փոխարէն կատարելու սահմանադրական պարտաւորութիւնները:
Ան զգուշացուց նաեւ միջլիբանանեան բախումներու հաւանականութենէն:

