Պըրրի – Հէյլ Հանդիպում

Հէյլ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն զօրակցիլը ազգային պարտականութիւն է` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութեան ամուր ըլլալուն պարագային ոչ ոք պիտի յանդգնի ոճրային արարք մը գործել:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք ամէն անգամ որ միջազգային պատասխանատուներու կամ դեսպաններու հետ հանդիպի եւ անոնք հարց տան Լիբանանի պահանջներուն մասին, ինք կ՛ըսէ. «Կ՛ուզենք լիբանանեան բանակը զինել ու հզօրացնել»:
Ան աւելցուց նաեւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն մէջ հազարաւոր լիբանանցիներ զինուորագրելու կարեւորութիւնը:
Պըրրի լուսարձակի տակ առաւ Թայեունէի պայթումը` շեշտելով, որ ահաբեկչական այդ արարքին նպատակն էր Թայեունէի եւ Թարիք Ժտիտէի բնակչութեան միջեւ լարուածութիւն ստեղծել, սակայն լիբանանցիները ազգային բարձր պատասխանատուութեան տէր են եւ այդ պատճառով ալ կրցան առաջքը առնել:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի կացութիւնը շրջանին մէջ լաւագոյնն է` հաստատելով, որ Լիբանան ծայրայեղութեան գերեզմանն է:
Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն կայ` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ այդ ընտրութեան կայացման:

