Ըստ Աղաբեկեանի. Որեւէ Պաշտօն Ստանձնելու Համար Կարեւոր Է Քաղաքական Կամքի Դրսեւորումը

Արթուր Աղաբեկեան

Արթուր Աղաբեկեան

Վերջերս «Ապառաժ» կայքին վրայ հրապարակուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի հետ հարցազրոյցը, ուր ան մասնաւորաբար կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական կառավարման վերաբերող համակարգին եւ 100 առ հարիւր  համամասնական ընտրակարգին անցնելու անհրաժեշտութեան:

Յօդուածը համացանցին վրայ մեծ քննարկման նիւթ դարձաւ: Որոշ ֆէյսպուքեան օգտատէրեր նշեցին, որ փոխվարչապետը չի կրնար մասնակցիլ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն եւ անոր համար ան կը ցանկայ զբաղեցնել վարչապետի պաշտօնը:

Պատասխանելով «Ապառաժ»-ի այն հարցումին, թէ Արթուր Աղաբեկեան ինչպէ՞ս կը վերաբերի այսպիսի մեկնաբանութիւններուն, ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի թեկնածու ըլլալու իրաւունքը ինք վաստկած է տասնեակ տարիներ առաջ` 1988-ին, 1990-ականներուն եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը այդ ուղղութեամբ: Սակայն, ըստ Աղաբեկեանի, քննարկումները պէտք է ընթանան ոչ թէ վաստկած իրաւունքի ծիրին մէջ, այլ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան ծիրին մէջ: «Քաղաքական գործիչի գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ թէ վաստկած իրաւունքի գործնականացումը, այլեւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կամքի դրսեւորումը, այսօր ես պատրաստ եմ ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը եւ անշուշտ ցանկութիւն ունիմ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու», ըսաւ Արթուր Աղաբեկեան:

 

Share this Article
CATEGORIES