Նովրուզով. «Լէյլա Եունուսն Ու Եւրոպայի Մէջ Ալիեւի Դէմ Բողոքողները Ազգութեամբ Հայեր Են»

Սիյաւուշ Նովրուզով

Սիյաւուշ Նովրուզով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ, երեսփոխան Սիյաւուշ Նովրուզով յայտարարած է, որ ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսն ու Եւրոպայի մէջ բնակութիւն հաստատած ազրպէյճանցիներէն շատեր ծագումով հայեր են:

«Մեկնաբանելով Իլհամ Ալիեւի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ արտասանած խօսքը` Նովրուզով ըսած է, որ այն հարցումները, զորս տուած են նախագահին, հիմնուած չեն եղած տրամաբանութեան վրայ:

Ըստ ազրպէյճանցի երեսփոխանին պնդումներուն, անոնք այն հարցումներն են, որոնք պատրաստուած էին հայ խորհրդարանականներու կողմէ, ինչպէս նաեւ հիմնուած էին ծագումով հայ Լէյլա Եունուսի այսպէս կոչուած զեկուցումին վրայ:

«Լէյլա Եունուսը ծագումով հայ է: Բացի ատկէ, երկիրը լքածներէն շատեր, որոնք կը բնակին Եւրոպայի մէջ եւ կը բողոքեն բանի մը դէմ, նոյնպէս ծագումով հայեր են: Անոնք այնտեղ կը պնդեն, որ իրենց այստեղ ճնշած են հայկական ծագում ունենալնուն համար: Եւ բնականաբար, Ազրպէյճանի նախագահի ելոյթը` ժողովուրդի եւ պետութեան դիրքերէն, անոնց համար ձեռնտու չէ», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES