Ճատրակ. Լիբանանի Դասական Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Խէյրալլա` Կէտի Մը Առաւելութեամբ Առաջին

10-րդ հանգրուանէն

10-րդ հանգրուանէն

Լիբանանի ճատրակի դասական ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Ֆայսալ Խէյրալլա հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իպրահիմ Շահրուրի հետ, սակայն ան այժմ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով Ամրօ Ժաուիշը, որ ունի 6,5 կէտ:

3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ահմետ Նաժժար (6 կէտ), մինչ 5,5-ական կէտով 4-րդ դիրքը կը գրաւեն Իպրահիմ Շահրուր եւ Պասել Շարաֆ:

Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ 12 ճատրակ խաղացողներու:

Այլ գետնի վրայ, Այն քաղաքին մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներուն յատուկ մէկ հանդիպումը, որուն ընթացքին անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինովի թեկնածութեան, տեղի ունենալիք նախագահական նոր ընտրութիւններուն գծով:

Շըհատէ Ապու Նըմրի (կեդրոնը)

Շըհատէ Ապու Նըմրի (կեդրոնը)

Նշենք, որ այս առիթով Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին յանձնեց գնահատանքի յատուկ յուշանուէր մը, զոր ստացաւ ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Շըհատէ Ապու Նըմրի:

Share this Article
CATEGORIES