2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Պրազիլ – Չիլի Եւ Քոլոմպիա – Ուրուկուէյ. Վաղը` Հոլանտա – Մեքսիքա Եւ Քոսթա Ռիքա – Յունաստան

Հաուըրտ Ուեպ

Հաուըրտ Ուեպ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի մրցումները հասան իրենց աւարտին եւ այժմ, օրուան մը դադարէ ետք, կը սկսին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք մինչեւ աւարտական հանգրուան տեղի պիտի ունենան նաք-աութի դրութեամբ, այսինքն` պարտուող խումբը չի կրնար մրցաշարքը շարունակել, որովհետեւ դուրս կը մնայ անկէ:

Նշենք, որ այսօրուընէ սկսեալ մրցումները հաւասարութեամբ պիտի չվերջանան այլ տեղի պիտի ունենայ երկարաձգում, ապա, եթէ դարձեալ արդիւնքը հաւասար մնայ, փենալթիներու պիտի դիմուի:

Այսօրուան առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Պրազիլը եւ Չիլին, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամով), օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Հաուըրտ Ուեպ:

Իսկ անոր յաջորդող Քոլոմպիա – Ուրուկուէյ մրցումին իրաւարարն է Պիոռն Քուիփերս (Հոլանտա):

Նշենք, որ Հաուըրտ Ուեպ այս Մոնտիալին սուլեց նաեւ Քոլոմպիա – Փղոսկրեայ Ափունք մրցումը (Գ. խմբակ):

Իսկ ինչ կը վերաբերի Քուիփերսի, ան այս Մոնտիալին երկու մրցումի` Անգլիա – Իտալիա եւ Զուիցերիա – Ֆրանսա, իրաւարարը եղաւ:

Բացի վերոնշեալ երկուքէն, հոլանտացի իրաւարարը եղաւ 2013-2014 տարեշրջանին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին իրաւարարը:

Ստորեւ կու տանք 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ՇԱԲԱԹ, 28 ՅՈՒՆԻՍ ԺԱՄ
Պրազիլ – Չիլի 19:00
Քոլոմպիա – Ուրուկուէյ 23:00
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՅՈՒՆԻՍ  
Հոլանտա – Մեքսիքա 19:00
Քոսթա Ռիքա – Յունաստան 23:00
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 30 ՅՈՒՆԻՍ  
Ֆրանսա – Նիկերիա 19:00
Գերմանիա – Ալճերիա 23:00
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 1 ՅՈՒԼԻՍ  
Արժանթին – Զուիցերիա 19:00
Միացեալ Նահանգներ – Պելճիքա 23:00
Share this Article
CATEGORIES