Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ աճապարէք, երբ կարծիք մը պիտի արտայայտէք: Պէտք է լաւ սերտէք տուեալ հարցը եւ ըստ այնմ տաք ձեր պատասխանը, որպէսզի գոհ մնան բոլորը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր դրամապանակին կամ պայուսակին, որպէսզի զոհը չըլլաք քսակահատի մը: Արթուն եղէք եւ ոչ` երազկոտ: Օրը սովորական է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբեմն ձեր որոշումը կը փոխէք` հետեւելով ձեր նոր լսած մէկ լուրին: Եթէ ձեր լսած լուրը անհիմն ըլլայ, ոչինչ պիտի շահիք: Հաստատ մնացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր որոշած ճամբորդութեան ծրագիրը կրնայ ուշանալ: Պիտի ստիպուիք նոր ժամադրութիւն մը որոշել: Թերեւս այս փոփոխութիւնը աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը սիրէք մանրամասնութեամբ իմանալ ձեր շուրջը պատահած անցուդարձերը: Հետաքրքրութիւնը շարժում կը ստեղծէ, բայց երբ մարդիկը լուռ են, մի՛ վհատիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Քանի մը բարեկամներով կամ գործակիցներով որոշած էք շաբաթավերջին պտոյտ մը կատարել եւ միասնաբար իրագործել հաճելի ծրագիր մը: Օրը լաւ է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ դժգոհիք, որ ձեր որոշումը իրագործելու առիթ չունեցաք: Նման որոշումներ կը կարօտին օգնականի կամ խորհրդատուի: Առանձին չէք կրնար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խնայասէր էք, բայց երբեմն պէտք է ըլլալ առատաձեռն: Այսօր պիտի ունենաք նման տրամադրութիւն: Չափաւորութիւնը միշտ ձեռնտու է, հետեւեցէք անոր:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տրամաբանութիւնը կրնայ հեռուները տանիլ ձեզ եւ կրնաք շուարիլ. ուրեմն ականջ տուէք փորձառու անձերու խորհուրդին: Ինքնագլուխ մի ըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը սիրէք օգնել տկարին, հիւանդին կամ որբին: Հիանալի զգացում է, բայց ձեր քսակը պարպելու ձեր առատաձեռնութիւնը կը վնասէ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առանձին դուրս մի՛ ելլէք այսօր, երբ ձեր երթալիք վայրին ծանօթ չէք: Ընկերացէք անձի մը, որպէսզի անորոշութեան չմատնուիք: Խոհեմութի՜ւն…
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժական գիտութիւնը կը հետաքրքրէ ձեզ: Այսօր բախտը պիտի ունենաք հանդիպելու ձեր երազը իրականացնող անձերու, որոնք պիտի օգնեն ձեզի, եւ դուք պիտի յաջողիք:

