Արտասովոր Մրցանքներ. Յիշողութիւնը` Իբրեւ Ծայրայեղ Մարզաձեւ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ «ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ» ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԱՅԼ ՄԱՐԶԱՁԵՒԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ: ՎԵՐՋԵՐՍ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԱԾ ԵՆ, ԹԷ ՄՈՌԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ ՉԷ, ԿԱՄ` ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ, ԱՅԼ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԻ ՀԱՐՑ Է: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՄԽԻԹԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄՈԶԻՉ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Մրցաշարքին վերջին խաղը յատկանշուած էր դասական սուր մրցակցութեամբ. յարձակողականութեան դիմաց` շրջահայեացութիւն, արագութեան դիմաց` զգուշաւորութիւն, խաղաքարտի աշխարհի ախոյեանը կը մրցէր թիւերու աշխարհի ախոյեանին դէմ:
Անշուշտ կարելի չէր բաղդատել Ուիլիըմզ ընդդէմ Շարափովա թենիսի մէկ խաղին հետ: Իսկ շուրջ 100 ներկաները բաւարարուած էին` գէթ մրցակցութեան մը ականատես դառնալով: Անոնք կը դիտէին աշխարհի առաջին «Ծայրայեղ յիշողութեան մրցաշարքը»` յիշողութեան արագ եւ թուային միջոցներով խթանուած մրցանքը` Սան Տիեկոյի մէջ:
Ճարտարարուեստի եւ ակադեմական գիտնականերու միջեւ արտասովոր գործակցութեան մը արդիւնք էր մրցանքը: Անիկա կը բաղկանար 1 վայրկեան տեւողութեամբ մրցումներէ` աշխարհի առաջնակարգ 16 «յիշողութեան մարզիկներու» միջեւ, որոնք մէկտեղուած էին աշխարհի բաժակի մրցաշարքի մը տարբերակով չէզոքացնելու համար զիրար: Մեծ պարգեւը 20 հազար տոլար էր: Իսկ գիտական շրջանակներու շահը եւս պատկառելի էր:
Մրցաշարքը կը հովանաւորէին «Տարթ նիւրոսայընս» ընկերութիւնը, որ կ՛աշխատի դեղեր կատարելագործել` բարելաւելու համար մարդկային իմացական գործունէութիւնը, եւ` Ուաշինկթընի համալսարանը, որ ուղարկած էր իմացական ուսումնասիրութիւններ կատարող խմբակ մը, որպէսզի յատուկ քննութիւններով որոշէր, թէ արդեօք յիշողութեան մարզիկները ի՞նչ յատկանիշներով կը տարբերին սովորական մահկանացուներէն: Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ համապարփակ չէին:

Սայմըն Ռայնհարտ եւ Եոհանս Մալօ` «Ծայրայեղ յիշողութեան մրցանքին»:
Աւարտականի հասած էին երկու մարզիկներ: Երկուքն ալ` գերմանացի: 35 տարեկան Սայմըն Ռայնհարտ իրաւաբան մըն է, որ աշխարհի մրցանիշը կոտրած է խաղաքարտի շարուածք մը յիշելով 21.19 երկվայրկեանի մէջ, իսկ 32 տարեկան Եոհանս Մալօ ուսուցիչ մըն է, որ մրցանիշ կոտրած է` թիւեր յիշելով (501 թիւ` 5 վայրկեանի մէջ): Մինչ այս երկուքը կը պատրաստուէին «մարտնչիլ», Ուաշինկթընի համալսարանի ուսումնասիրողները կը կատարէին նախնական յայտնաբերում մը.
«Ի յայտ բերինք, թէ յիշողութեան մարզիկներու եւ այլ անձերու միջեւ մեծագոյն տարբերութիւնը իմացական կարողութիւն մըն է, որ բնաւ կապ չունի յիշողութեան չափի հետ, այլ ուղղակի կ՛առնչուի կեդրոնացումի հետ», կ՛ըսէին անոնք:
Յիշողութեան Պալատը
Մարդիկ դարերէ ի վեր յիշողութեան խաղեր կը խաղան, երկար բանաստեղծութիւններ անգիր կը սորվին: Շատեր իրենց սորված նիւթերը կը պահեն այսպէս կոչուած յիշողութեան պալատի մը մէջ` թիւերը, բառերը կամ քարտերը առնչելով յատուկ պատկերներու հետ, զորս արդէն պահած են իրենց յիշողութեան մէջ, ապա այս պատկերները կը տեղադրեն ծանօթ վայրի մը մէջ, օրինակ` մանկութեան բնակարանի մը սենեակներ կամ գետնուղիի մը կայարաններ:
Առաջին անգամ Ն.Ք. 5-րդ դարու յոյն բանաստեղծ Սէոսցի Սիոնետէս նկարագրած է այս միջոցը, որ հետագային ցայտուն կերպով նկարագրուած է այլ գիրքերու մէջ, ինչպէս վերջերս` «Մունուոքինկ ուիտ Այնշթայն» գիրքին:
Իւրաքանչիւր մարզիկ ունի յիշողութեան իր սեփական «պալատը»: Բոլոր պատկերները կը կուտակուին պատմելու համար տարօրինակ, սակայն անմոռանալի պատմութիւն մը: «Յաճախ ժապաւէններու տեսարաններ կ՛օգտագործեմ իբրեւ յիշողութեան վայր: Օրինակ` «Կլատիէյթըր» ժապաւէնին մէջ այն տեսարանը, ուր Ռասըլ Քրոու ռազմադաշտին վրայ կ՛անցնի զինուորներուն Քովէն եւ կը քննէ անոնց զէնքերը», կ՛ըսէ Պեն Փրայտմոր` հոգեբանութեան ուսուցիչ մը, որ կը մասնակցի յիշողութեան մրցաշարքերու:
Այն նիւթերը, զորս յիշողութեան մարզիկները կը փորձեն պահել իրենց յիշողութեան մէջ, կարելի է բաժնել տարբեր տեսակներու, ինչպէս` խառնուած խաղաքարտեր, պատահական բառեր, դէմքերու առնչուած անուններ, թիւեր: Մարզիկներուն համար կը սահմանուին տարբեր ժամանակամիջոցներ. մէկ վայրկեան` այս մրցանքին ընթացքին, մէկ ժամ կամ աւելի` այլ մրցանքներու առիթով, որպէսզի սորվին եւ յիշեն կարելի չափով մեծ թիւով խաղաքարտեր, բառեր եւ թիւեր` պահանջուած շարքով:
Մերթ ընթ մերթ մէկը համացանցի վրայ կը հպարտանայ, թէ ի յայտ բերած է յիշելու բոլորովին նոր ձեւ մը եւ մրցանքներու առիթով կը ցուցադրէ զայն:
Ուսումնասիրողներ կ՛ըսեն, թէ ոեւէ մէկը կրնայ կառուցել յիշողութեան պալատ մը եւ վարժութիւններ կատարելով` նախկինէն շատ աւելի մանրամասնութեամբ յիշել որոշ նիւթեր: Յիշողութեան պալատ մը կառուցելը այնքա՛ն դիւրին է, որ մանուկներ շատ արագ կրնան իւրացնել միջոցը եւ օգտագործել` յիշելու համար այն, ինչ որ սորված են դասարանին մէջ:
Մոռնալու Վարպետներ
Այսուհանդերձ, ծայրայեղ յիշողութեան մրցանքին մասնակցողները սովորական անձեր չեն: Անոնք կը կազմեն վերնախաւ մը, որ համակուած է ուղեղին մէջ տեղեկութիւններու շտեմարաններ պահելու կիրքով:
Առաջնակարգ 30 յիշողութեան մարզիկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ անոնց մեծ մասը (ընդհանրապէս` գերմանացիներ, որոնք կեդրոնանալու աւելի բարձր կարողութիւն ունին, որովհետեւ Գերմանիոյ մէջ յաճախ տեղի կ՛ունենան նման մրցանքներ), հազարէն երկու հազար ժամ կը տրամադրեն` սորվելու եւ յիշելու իրենց սորվածը:
Ուաշինկթընի համալսարանին յայտնաբերումներէն մէկը նախատեսելի էր: Յիշողութեան մարզիկներ շատ բարձր նիշեր կ՛արձանագրեն «գործօն յիշողութեան մէջ», այսինքն` յիշողութեան այն մակարդակին վրայ, որ կը ծառայէ տեղեկութիւններ ցանկագրելու եւ յիշողութեան մէջ պահելու` հակառակ ուշադրութեան ցրւումի:
Այսուհանդերձ, այս յայտնաբերումը մտածել կու տայ այլ հարցի մը մասին. ինչո՞ւ յիշողութեան մրցանքներու մասնակցողներուն յիշողութեան պալատները չեն յորդիր: Յիշողութեան մարզիկներ սովորաբար կ՛ունենան իրենց նախասիրած վայրերը` իրենց սորված տեղեկութիւնները մթերելու համար, սակայն տեւաբար ճիգ կը թափեն վերյիշելու զանոնք եւ մրցելու: Ամէն անգամ որ կը վերյիշուին այս տեղեկութիւնները, անոնք կը դրոշմուին իբրեւ նոր պատկեր եւ դուրս կը ձգեն նախկին պատկերը, որովհետեւ ամէն անգամ որ կը վերյիշուի եւ կ՛արձանագրուի բառերու կամ խաղաքարտերու շարք մը, կը կորսուի նախորդը:
Անցեալ տարի Ուաշինկթընի համալսարանին ուսումնասիրողները յիշողութեան մարզիկները ենթարկած են անակնկալ քննութիւններու` նախորդ օրը անցուցած իրենց քննութիւններուն նիւթով: Երկրորդ օրը մարզիկները յիշած են առաջին օրը իրենց սորված բառերուն 75 առ հարիւրը (համալսարանի ուսանողներ յիշած են հազիւ 5 առ հարիւրը): Այլ խօսքով, անոնք չեն մոռցած նիւթը, ինչպէս կ՛ենթադրէին: Ընդհակառակը:
Այսուհանդերձ, պատկերի մը մէջ ամփոփուած նոր «պատմութիւն» մը յիշողութեան պալատի մը մէջ պահելու համար յիշողութեան մարզիկը պարտաւոր է նախ ամբողջութեամբ ջնջնել նախորդ պատկերը: Նոյն գործընթացը տեղի կ՛ունենայ, երբ կը փոխենք գաղտնի բանալի բառ մը. նախորդը պէտք է ջնջուի, որպէսզի չխանգարէ նորը:
Հոգեբաններ այս կարողութիւնը կը բացատրեն իբրեւ «կեդրոնացումի հակակշռում» եւ զայն յատուկ քննութիւններով կը չափեն տարիներէ ի վեր: Օրինակ` Սթրուփ քննութիւնը բառեր կը պլպլացնէ համակարգիչի պաստառին վրայ, ինչպէս նաեւ` զանոնք զատորոշող գոյներուն անունը: Պատասխանները անմիջապէս կը տրուին, երբ գոյնն ու բառը կը համապատասխանեն. օրինակ, երբ «կարմիր» բառը գրուած է կարմիրով: Պատասխանները կ՛ուշանան, երբ «կարմիր» բառը գրուած է կապոյտով:
«Յիշողութեան մարզիկները տարիքով քիչ մը աւելի մեծ են համալսարանի ուսանողներէն, հետեւաբար կ՛ենթադրենք, թէ անոնք աւելի տկար արդիւնքներ պիտի արձանագրեն, որովհետեւ գիտենք, թէ յիշելու կարողութիւնը կը տկարանայ տարիքի հետ: Սակայն իրականութեան մէջ անոնք աւելի լաւ կը յիշեն, որովհետեւ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն գոյներուն վրայ` պահ մը զանց առնելով բառերը», կ՛ըսէ Ուաշինկթընի համալսարանէն հոգեբան Քաթլին ՄքՏերմոթ: Այլ մասնագէտներ կը մտածեն, թէ յիշողութեան վերաբերող այս հաստատումները հաւանաբար երկար ժամանակ անվիճելի պիտի մնան:
«Թէեւ կեդրոնացումը յիշողութեան անմիջական չափանիշ մը չէ, սակայն հաստատ գիտենք, թէ անիկա կը ծառայէ յիշողութեան, եւ հաւանական է, որ ունի նաեւ ծինական յատկանիշ մը», կ՛ըսէ հոգեբան Զաքարի Համպրիք:
Կարճ խօսքով, յիշողութեան ախոյեանները յիշելու յատուկ բացառիկ կարողութիւն մը չունին: Անոնք նաեւ մոռնալու վարպետ են: Աւելի ճիշդ` յիշողութեան մարզիկները կը սայթաքին ոչ թէ քիչ բան յիշելու պատճառով, այլ` շատ բան յիշելու: Ծայրայեղ յիշողութեան վերաբերող նորագոյն ուսումնասիրութիւնները մտածել կու տան, թէ յիշողութիւնն ու մոռացութիւնը անպայման կապուած չեն իրարու, ինչպէս կը կարծենք: Ընդհակառակը, մէկը միւսին թշնամին է:

Մրցանքը պատկերասփռուեցաւ մեծ պաստառներու վրայ:
Վերջին Ճակատամարտը
Այս բոլորը ակադեմական նիւթեր էին, երբ յիշողութեան մարզիկներ Ռայնհարտ եւ Մալօ իրենց դիրքերը կը գրաւէին յիշողութեան մրցաշարքի աւարտական խաղին: Երկուքը լաւ բարեկամներ են, միասին կը մարզուին եւ կը ճամբորդեն: Սակայն մրցանքը իրենց ասպարէզն էր: Անոնք 9 մրցումներէ ետք հասած էին աւարտական հանգրուանի, եւ մրցանակակիրը պիտի ստանար դրամական պարգեւ մը:
«Յիշողութեան մրցանքները պէտք է ժողովրդականութիւն վայելեն, ամէն ոք հմայուած է յիշողութեամբ», կ՛ըսէր հանդիսավարը, մինչ մարզիկներուն իւրաքանչիւր շարժումը հսկայական պաստառի մը վրայ կը սփռուէր փոքերի խաղի մը պէս:
Առաջին հանգրուանը կը բաղկանար բառերէ: Երկու մարզիկները մէկ վայրկեանի մէջ սորվեցան 50 բառ իրենց մայրենի լեզուով` գերմաներէնով: Երկու երկվայրկեան ետք անոնք իրենց համակարգիչին մէջ սկսան տեղադրել իրենց յիշած բառերը, որոնք սփռուեցան պաստառին վրայ, որպէսզի ներկաները կարենային հետեւիլ խաղին: Ռայնհարտ անդադար կը շարժէր իր աթոռին վրայ, այսինքն ֆիզիքապէս կ՛այցելէր իր յիշողութեան պալատները: Ան իր մրցակիցէն առաջ ցատկեց ոտքի` 43 բառեր ճիշդ յիշելով, մինչ ժամանակը վերջ կը գտնէր:
Մալօ տակաւին կը յամենար 16 բառի շուրջ եւ կը խորհրդածէր` աչքերը համակարգիչին սեւեռած, կարծէք ժամանցի խաղ մը կը խաղար: Ան նախապէս մասնակցած էր նման մրցանքներու: Տակաւին մէկ ժամ առաջ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած էր կիսաւարտականի խաղին` պարտութեան մատնելով աշխարհի նախկին ախոյեան շուէտացի Եոնաս ֆոն Էսենը:
Սակայն այս անգամ յաղթանակը հեռու էր: Բառերու քննութեան ձախողելէ ետք, թէեւ ան յաղթեց թիւերու մրցումին մէջ, սակայն Ռայնհարտ աւելի արագ եւ մանրակրկիտ էր խաղաքարտերը պահանջուած շարուածքով դասաւորելու մէջ: Ան շահեցաւ նաեւ անուններու խաղը, հետեւաբար նաեւ` մրցանքը: Բազմութիւնը ցնծաց: Ռայնհարտ ոտքի ցատկեց եւ բռունցքները ճօճեց: «Շատ ուրախ եմ, շատ ուրախ եւ սպառած», բացագանչեց ան:
Շաբաթավերջ մըն էր, որ անմոռանալի պիտի մնայ ներկաներուն յիշողութեան մէջ, ինչ չափի յիշողութիւն ալ ունենան անոնք:

