Վեհարանի Ու Հիւրանոցի Շինութիւն Պիքֆայայի Վանքին Մէջ
Վերջին տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ ու Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներու յանձնախումբին գլխաւորութեամբ ու հսկողութեամբ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ սկսած են իրագործուիլ Պիքֆայայի վանքին մէջ: Այսպէս` Նահատակաց յուշարձանին շրջափակի ընդլայնում, Նահատակաց բացօթեայ նոր խորանին շինութիւն, Միաբանական նոր շէնքի կառուցում, վանքի մուտքի տարածութեան ընդարձակում ու նոր դարպասի շինութիւն. ինչպէս նաեւ այլ շինարարութիւններ: Աշխատանքներէն մաս մը արդէն հասած են իրենց աւարտին, եւ մաս մըն ալ ընթացքի մէջ են:
Այս ծիրին մէջ, ներկայիս կը կառուցուի նոր վեհարան ու հիւրանոց: Այս վերջին շինարարական վերջին աշխատանքները պիտի աւարտին սեպտեմբերին, իսկ մնացեալ շինութիւնները` ներկայ տարուան աւարտին:
CATEGORIES Անդրադարձ

