Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համալսարանական Դասախօսներէ Եւ Ուսանողներէ Բաղկացած Խումբ Մը
Հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու խումբ մը, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ: Ուսանողները կը մասնագիտանան Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած նիւթերու, իսկ դասախօսները այդ նիւթերուն առնչուած թէ՛ դասախօսներ էին, եւ թէ կարեւոր հրատարակութիւններու հեղինակներ:
Ողջունելով ներկայութիւնը շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած խումբին` Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի ու ընդհանրապէս միջ եկեղեցական շարժումին, այս երեք բնագաւառներուն առնչուած շարք մը ընդգծումներ կատարելով: Ապա ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք աղերս ունէին վերոյիշեալ բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ-թուրք յարաբերութեան հետ:
Հանդիպումի աւարտին, Օքսֆորտի համալսարանի Միջին Արեւելեան բաժանմունքի դասախօսը Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրեց Օքսֆորտ` դասախօսութիւն մը տալու «Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին մասին:

