Նամականի

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Ազդակ»-ի երեքշաբթի, 17 յունիս 2014-ի թիւին մէջ «Համազգայինի թատերական գործունէութիւն» խորագիրով Պայծառ Գարագաշեանի ստորագրած յօդուածը կարդալէ ետք նախ զարմացայ, որ խմբագրութիւնդ այդ յօդուածին բնոյթը «Տեսակէտ»-ի գլխուն տակ չէ դրած: Այսինքն որդեգրած է յօդուածը: Երկրորդ` շատ զարմանալի է, որ «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբի գործունէութիւնը 1986-ին Գասպար Իփէկեանի մահով վերջ գտաւ» ըսուի:

Նախ ո՞վ որու կ՛արտօնէ նման բնորոշումներ ընել: Կրնայ ատիկա իր անձնական կարծիքը ըլլալ, կը յարգենք անհատական մօտեցումն ու անոր  յուշերը: Բայց ընդունելի չէ, որ մէկը Վարուժան Խտըշեանի, Վիգէն Ստեփանեանի, Դաւիթ Յակոբեանի, Ռոպերթ Առաքելեանի եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի աշխատանքը այսքան վարկաբեկէ: Ամէն բան չափ եւ սահման ունի: Ոչ մէկը իրաւունք ունի նման յայտարարութիւններ ընելու: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր որոշումները կը կայացնէ համապատասխան ժողովներով` քննարկումներու եւ  քննադատութիւններու հիման վրայ:

Քննադատեցէք աշխատանքը, հարց չունինք: Բայց չենք արտօներ, որ ըսուի` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին գործունէութիւնը վերջ գտաւ Ժորժ Սարգիսեանի մահով: Ինչպէս որ Ճեմարանի գործունէութիւնը վերջ չգտաւ Վրացեանի մահով: «Քնար»-ի գործունէութիւնը վերջ չգտաւ Ֆելիքսի մահով, «Գուսան»-ի գործունէութիւնը վերջ չգտաւ Երկանեանի երթալով, Լ. Շանթի կեդրոնի գործունէութիւնը վերջ չգտաւ Գրիգոր Շահինեանի մահով, այնպէս ալ «Գ. Իփէկեան»-ի գործունէութիւնը շարունակուեցաւ եւ պիտի շարունակուի սերունդէ սերունդ: Վնաս չունի, եթէ վերիվայրումներ կը դիմագրաւէ: Ժամանակը փոխուած է, սերունդները փոխուած են, հայեցի դաստիարկութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է, սակայն Համազգայինի առաքելութիւնը չէ՛ փոխուած:

Իսկ անցեալի յուշերը լաւ են իբրեւ յուշ, սակայն վերջաւորութեան յուշ են, այսօրուան հետ կապ չունին:

Մենք կը հաւատանք երիտասարդութեան ձգտումներուն, այլախոհութեան եւ նորութեան. այնպէս որ, ոտքերնիս գետին, դէպի առջեւ երթալու վճռակամութեամբ կը քալենք դէպի յառաջ:

Share this Article
CATEGORIES