Մահացած Է ՄԱԿ-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հաստատող Զեկոյցին Հեղինակը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս ամսուան սկիզբը 79 տարեկանին Լոնտոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պենճամին Ուիթաքըրը` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ հայկական զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակող զեկոյցին հեղինակը: Աշխարհը կորսնցուց մեծ մարդասէր եւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ջատագով մը:
Ինծի բախտ վիճակուած է քանի մը տարի շարունակ սերտօրէն գործակցելու պարոն Ուիթաքըրի հետ, Ժընեւի մէջ, ուր ան իբրեւ բրիտանացի փորձագէտ` կը ծառայէր ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին մէջ, իսկ ես կը ներկայացնէի Բնիկ ժողովուրդներու միջազգային ընկերակցութիւնը` կարմրամորթներու հասարակական կազմակերպութիւն մը:
Պարոն Ուիթաքըր գործիչ իրաւաբան էր, որ 1966 թուականին բրիտանական խորհրդարանին մէջ ընտրուած էր Լոնտոնի հիւսիսէն: 1971 թուականին ան դարձած էր Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի գործադիր տնօրէն, հրատարակած տասնեակ ուսումնասիրութիւններ համաշխարհային փոքրամասնութիւններու մասին, ներառեալ` հայերու:
1975 թուականին Պ. Ուիթաքըր իբրեւ բրիտանական փորձագէտ` նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին մէջ` ՄԱԿ-ի ուսումնասիրութեան մը մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման վերաբերեալ սաստիկ վէճերու բուռն շրջանի մը: Նախնական ուսումնասիրութեան հեղինակը` Ռուանտայի յատուկ զեկուցող Նիքոտեմ Ռուհաշիանքիքոն ճնշման ենթարկուած էր Թուրքիոյ կողմէ, որպէսզի ջնջէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը:
Թրքական ճնշումներուն հակազդելու համար խումբ մը հայեր, որոնց մէջ էր նաեւ տողերուս հեղինակը, 1978 թուականին յաջողեցան խափանել զեկոյցը ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովին մէջ, երբ հանուած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակումը: Այն ժամանակ ես հարցուցի պարոն Ուիթաքըրին, որ արդեօք ան պիտի ուզէ՞ դառնալ յատուկ զեկուցող` Ռուհաշիանքիքոյի ընդհատուած զեկոյցը շարունակելու համար: Պ. Ուիթաքըր տուաւ իր համաձայնութիւնը, պայմանաւ որ ինք պիտի չփորձէ որեւէ քուէ հաւաքել իր նշանակման համար:
Հաշուի առնելով անոր անբասիր համբաւը` իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, ենթայանձնաժողովի անդամներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Պենճամին Ուիթաքըրին թեր քուէարկեց` իբրեւ նոր յատուկ զեկուցողի, օժտելով զինք` «Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին հարցին վերաբերեալ վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյց» նախապատրաստելու լիազօրութեամբ: Միակ դժգոհողը Թուրքիոյ պատուիրակն էր, որ գիտէր, թէ Ռուհաշիանքիքոյի հանդէպ իր կառավարութեան կիրարկած ահաբեկման մարտավարութիւնը պիտի չգործէ պարոն Ուիթաքըրի պարագային:
1985 թուականի օգոստոսին Պ. Ուիթաքըր ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովին ներկայացուց վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյցը` Հայոց ցեղասպանութիւնը որակելով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ 20-րդ դարուն: Երկար քննարկումներէ ետք Թուրքիան չյաջողեցաւ ճնշում բանեցնել ենթայանձնաժողովին վրայ` ջնջելու Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը: Տասնչորս թեր, մէկ դէմ եւ չորս ձեռնպահ քուէարկութեամբ ենթայանձնաժողովը ընդունեց զեկոյցը` անով իսկ հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի` ցեղասպանութեան չափանիշներուն:
Այդ ժամանակէն ի վեր թուրք ժխտողականները յաճախ փորձած են ակնյայտ կեղծիք տարածել, որ իբր թէ ոչ նման քուէարկութիւն եղած է, ոչ ալ ՄԱԿ-ի զեկոյց® Անոնք նոյնիսկ կը պնդեն, թէ ՄԱԿ-ի բանբեր Ֆարհան Հաքը 2000 թուականին ըսած է թրքական խումբերուն, որ ՄԱԿ-ը «երբեք չէ վաւերացուցած եւ չէ պաշտպանած զեկոյց մը, որով հայկական իրադարձութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ «ցեղասպանութիւն»: Ես անձամբ դիմեցի պարոն Հաքին, եւ ան ըսաւ, որ տեղեակ է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու մարմինի կողմէ ընդունուած զեկոյցին մասին, որ կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան պարզապէս ըսած էր թրքական խումբերուն, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր խորհուրդը չէ զբաղած Հայոց ցեղասպանութեան հարցով:
Ցաւօք, հայերու կողմէ շատ քիչ բան եղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող ՄԱԿ-ի այս խիստ կարեւոր զեկոյցի բացայայտման համար: Շատ զարմանալի է, որ 2000 թուականին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ նախագահ Քոչարեանը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նախագահին օգնականները չէին տեղեկացուցած անոր` ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովի 1985 թուականի զեկոյցին մասին®
ՄԱԿ-ի մէջ միասին աշխատած տարիներէն ետք, քանի մը անգամ մեծ հաճոյքով հանդիպած եմ պարոն Ուիթաքըրի հետ: 1980-ականներու վերջերը մենք միասին հրաւիրուած էինք Արժանթին` տեղի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, ՄԱԿ-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ շարք մը դասախօսութիւններ կարդալու համար: 2009 թուականին պարոն Ուիթաքըրը սիրով մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իմ ելոյթիս` բրիտանական խորհրդարանին մէջ եւ շատ ջերմ արտայայտուեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ մեր նախկին համագործակցութեան մասին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները պէտք է յարգանքի տուրք մատուցեն պարոն Ուիթաքըրին, քանի որ 2015 թուականը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է, այլեւ` ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան զեկոյցի ընդունման 30-րդ տարեդարձը:
ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովի երեք այլ անդամներ, որոնք չափազանց մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեցին ցեղասպանութեան զեկոյցի ընդունման ժամանակ, դեռ ողջ են. Արժանթինէն` Լէանտրօ Տեսփոյը, Ֆրանսայէն` Լուի Ժուանէն եւ Էրիքա Տայեսը` Յունաստանէն: Տեսփոյը արդէն պարգեւատրուած է Հայաստանի նախագահի կողմէ: Ժուանէն եւ Տայեսը եւս արժանի են նման գնահատականի` Հայաստանի եւ սփիւռքի կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

