Ըստ Էլիաս Ապու Սաապի. Զօր. Աուն Այսօր Պիտի Բացայայտէ Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Պատկերացում Մը»
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները առկայ կը մնան` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի բացայայտէ նախագահական ընտրութեան պատկերացում մը, որուն նպատակն է վերջ տալ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:
Ապու Սաապ մաղթեց, որ զօր. Աունի յայտարարելիք պատկերացումը ըլլայ քայլ մը` նոր նախագահ մը ընտրելու առումով միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյացնելու:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը եւ Լիբանանը թիրախ դարձնող ապահովական միջադէպերը իրարու կապուած չեն:
Միւս կողմէ, կրթութեան նախարարը հաստատեց, որ այնքան ատեն որ ինք իր պաշտօնին վրայ է, պետական քննութիւնները պիտի չսրբագրուին առանց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին համաձայնութեան: Ան հաստատեց, որ ինք հարիւր առ հարիւր կը զօրակցի ուսուցիչներու իրաւունքներուն:
Ապու Սաապ խոստացաւ նաեւ հետապնդել Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն թղթածրարը, որ լուծման սեմին կը գտնուէր, սակայն այդ լուծումը մետասաներորդ պահուն խոչընդոտուած էր:

