Լիբանանի Դէմ Ապահովական Սպառնալիքները Կը Շարունակուին
Նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանը հարուածած ահաբեկչութիւններուն լոյսին տակ երկրին ապահովական կառոյցը կրցաւ հակակշիռի տակ առնել ահաբեկչական երեք լուրջ կառոյցներ, որոնցմէ մէկը կը գտնուի լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան, երկրորդը` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան, իսկ երրորդը ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին տրամադրութեան տակ:
«Մուսթաքպալ» օրաթերթին համաձայն, Ֆնայտեքի մէջ ձերբակալուած յանցագործ մը, որ ծանօթ է «Ապու Օպէյտա Ասլի» անունով, ահաբեկչական ցանցի մը պատասխանատուն է:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն մօտ գտնուող այս երեք ցանցերը ուղղակիօրէն առնչուած չեն Տահր Պայտարի եւ Թայեունէի մէջ կատարուած պայթումներուն:
Միւս կողմէ, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած է ապահովութեան ուժերուն անունով հրապարակուած փաստաթուղթ մը, որուն մէջ նշուած են, թէ ապահովութեան ուժերը ստացած են տեղեկութիւններ, թէ «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ» ահաբեկչական խմբաւորումը Արսալի շիիական գիւղերէն` Հերմելի կամ Լապուէի մէջ ահաբեկչական գործողութեան մը կը պատրաստուի:
Կան նաեւ այլ տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ մօտիկ ապագային կը ծրագրեն կրկնակի պայթումներ գործել Թրիփոլիի մէջ ականապատուած փոխադրակառքերով. այդ փոխադրակառքերէն մէկը թիրախ պիտի դարձնէ Հարաւային արուարձանները, իսկ միւսը` լիբանանեան ապահովական կառոյցի մը կեդրոնը:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, ապահովութեան ուժերը սկսան են լուրջ քայլեր որդեգրել` նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւններ կրնայ գործել: Նոյն օրաթերթին համաձայն, «Տիւրոյ» եւ «Նափոլէոն» պանդոկներուն մէջ ձերբակալուած ահաբեկիչներն ու Ռաուշէի մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը Լիբանան ղրկուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ, ապահովական կառոյցները ստացած են տեղեկութիւններ, թէ Ռումիէի բանտին մօտակայքը կրնայ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարուիլ:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանի շիի համայնքի բնակիչներով եւ յատկապէս Հըզպալլայի համակրանքը վայելող խճողուած շրջաններուն մէջ ահաբեկչական արարքներ գործելու կը պատրաստուի:

