Կրասնոտարի Մէջ Ջախջախուած Ուղղաթիռի Զոհերուն Շարքին Են Հայեր

2906Grasnodar«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Կրասնոտար շրջանին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած օդանաւի արկածի զոհերուն թիւը չորս է, որոնցմէ երեքը հայեր են:

Դատախազութեան կայքին վրայ նշուած է. «Արկածին պատճառով զոհուած են օդանաւին օդաչուն եւ երեք ճամբորդները. 1962-ի ծնունդ Ա.Ի. Քոնչարենքոն օդաչուն է, իսկ ճամբորդներն են 1969-ի ծնունդ Ս.Վ. Ելուկեան, 1991-ի ծնունդ Ա.Ս.Ելուկեան եւ 2000-ի ծնունդ Ե.Վ. Ելուկեան»:

Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տուեալներով, օդանաւը, որ հաւանաբար անձնական եղած է, ինկած է եւ հրկիզուած Քուպանի լեռնային Ափշերոն շրջանին մէջ: Նախապէս հաղորդուած էր, որ օդանաւին մէջ եղած է երեք մարդ եւ անոնք բոլորն ալ մահացած են:

Նախնական տուեալներով` ուղղաթիռին կործանման պատճառը թեքնիք խանգարում է:

 

Share this Article
CATEGORIES