Րաֆֆի Յովհաննէսեան. «Սերժ Սարգսեան Պէտք Է Հրաժարի»

2906raffiԸնդդիմադիր ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր եւ ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան կուսակցութեան տասներորդ համագումարին ընթացքին յայտարարեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան պէտք է իր հրաժարականը տայ: Ժառանգութեան առաջնորդը շեշտեց, թէ որքան արագ հեռանան Սարգսեանն ու իր վարչակազմը, այնքան լաւ, եւ Ժառանգութեան իշխանափոխութեան կոչը կը շարունակէ մնալ կուսակցութեան քաղաքական օրակարգին վրայ` անկախ այն հանգամանքէն, որ ոչ իշխանական քառեակը նման պահանջ չի ներկայացներ: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ժառանգութիւնը Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի պահանջը չի ներառեր ոչ իշխանական քառեակի պահանջներուն ցանկին մէջ, Յովհաննէսեան պատասխանեց. «Իւրաքանչիւր ուժ նաեւ ունի իր օրակարգը, եւ եթէ Ժառանգութիւնը մինակ մնար, մենք կ՛ունենայինք ոչ թէ 12 կէտ, այլ 120 կէտ, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւն, իշխանափոխութիւն: Մենք կը կարծենք, որ ուշացած ենք: Մեր մարդու իրաւունքներուն վիճակը կը վատթարանայ, աղքատութիւն, արտագաղթ եւ այլն:

Այսինքն, ասոնք հարցեր են, որոնք պէտք է մտահոգեն բոլորը»:

Ոչ իշխանական քառեակը մինչեւ աշուն ժամանակ տուած էր իշխանութեան, որպէսզի իրենց ներկայացուցած պահանջները իրականանան: Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ այդ պահանջներէն որեւէ մէկը չիրականանայ, Ժառանգութիւնը ի՞նչ գործողութիւններու պիտի դիմէ, Յովհաննէսեան ըսաւ. «Մենք կ՛ըսենք, որ պէտք է տեղի ունենայ սահմանադրական յեղափոխութիւն` այս չընտրուած իշխանութիւններուն փոփոխութեան միջոցով: Ես կը կարծեմ, որ պէտք է նոր, ամբողջական նպատակ մը ըլլայ, եւ այդ նպատակը, կը կարծեմ` սահմանադրութիւնը վերադարձնելն է ժողովուրդին»:

 

Share this Article
CATEGORIES