Պասքեթպոլ. Սպանիոյ Ախոյեանութիւն. Պարսելոնա Յաղթեց Ռէալ Մատրիտի Եւ Հանդիսացաւ Սպանիոյ Ախոյեան
Սպանիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումին, Պարսելոնա 83-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով Ռէալ Մատրիտը, հանդիսացաւ Սպանիոյ 2013-2014 տարեշրջանի ախոյեան:
Պարսելոնայի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անթէ Թոմիչ (22 կէտ):
Այսպիսով Պարսելոնա իր պատմութեան մէջ 18-րդ անգամը ըլլալով հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

