Պասքեթպոլ. Մայեմի Հիթի Յառաջատարները Կը Հեռանան Խումբէն
«Էյ. Փի.» եւ «Թիւնըր Սփորթց» աղբիւրներուն համաձայն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Մայեմի Հիթի յառաջատար մարզիկները` Տուէյն Ուէյտ եւ Քրիս Պոշ, որոշած են հեռանալ խումբէն: Անոնք կ՛ուզեն հրաժարիլ իրենց ներկայի պայմանագիրներուն երկարաձգման առաջարկներէն եւ դառնալ ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունեցող պասքեթպոլիստներ:
Այս տեղեկութեան պաշտօնական հրապարակումը սակայն կ՛ակնկալուի այս շաբթուան ընթացքին:
Նմանօրինակ յայտարարութիւն մը ունեցած էր նաեւ Մայեմիի մէկ այլ յառաջատար մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս:
CATEGORIES Մարզական

