2014-ի Մոնտիալ. Որքան Գումար Ծախսած Են Ֆութպոլի Համակիրները Պրազիլի Մէջ

Իր լուրը քաղելով demorgen.be կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ 2014-ի Մոնտիալին ընթացքին Պրազիլի մէջ ցարդ ֆութպոլի համակիրներուն ծախսած գումարը կը հասնի 267 միլիոն եւրոյի (365 միլիոն ամերիկեան տոլար):

Այս գումարը 24 տոկոսով աւելի է, քան նախորդ Մոնտիալին ընթացքին զբօսաշրջիկներուն ծախսած գումարը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն, Պրազիլի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ալտօ Ռելօ կ՛ըսէ. «Սան Փաուլոյի մէջ այժմ ցոյցերը համեմատաբար աւելի քիչ մարդ կ՛ընդգրկեն, քան նախորդ տարի տեղի ունեցած միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին»:

Share this Article
CATEGORIES