3×3 Պասքեթպոլ. Հիանալի Ելոյթ` Անարդար Վերջաբանով

3#3Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ 3×3 պասքեթպոլի Հայաստանի հաւաքականին անդամները միասնաբար մասնակցեցան առաջին միջազգային մրցաշարքին` ելոյթ ունենալով Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) բաւական զօրաւոր խումբեր հաւաքած այս մրցաշարքին:

Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաքը ժամանած էին 16 զօրաւոր խումբեր, որոնք ընդգրկուած էին 4 խմբակի մէջ: Խումբերէն շատերը իրենց կազմերուն մէջ ունէին եւրոպական յառաջատար ակումբներուն հետ ելոյթ ունեցող մարզիկներ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Հայ մարզիկները, որոնք հանդէս եկան Երեւանի Եունիոն խումբին անունին տակ (Դ. խմբակին մէջ), յաղթեցին Իկուանային (18-13) ու ՆՕԹ-ին (14-13) եւ պարտուեցան Ինքոթեքէն (17-14):

Հայրենի կազմը չկրցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ կազմակերպիչները լրացուցիչ ցուցանիշներով փլէյ-օֆի տոմսերը տուին ռուսական խումբերուն, հակառակ անոր որ Եունիոն կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ ետ չէր մնար իր մրցակիցներէն:

Թէեւ վերջաբանը եղաւ անարդար, սակայն հայ պասքեթպոլիստները բաւական յաջող հանդէս եկան` ապացուցելով, որ ի վիճակի են յաջող ելոյթ ունենալ բաւական մեծ փորձառութիւն ունեցող խումբերու դէմ:

Եունիոնի կազմէն ելոյթ ունեցած Ալեքսանտր Տիրացուեան (մարզիչ-մարզիկ), Քոնսթանթին Միրզոյեան, Վիաչեսլաւ Ալեքսէեւ եւ Արտեոմ Շախնազարով այժմ պիտի պատրաստուին 12-13 յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի զտումի մրցաշարքին:

 

Share this Article
CATEGORIES