50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1964)

Խմբագրական

Ճեմարանի Հունձքը

Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը նախորդ շաբաթ օր կայացած ամավերջի հանդէսին, քսաներեք շրջանաւարտներ յանձնեցին հայ ժողովուրդին` վաստակաւոր մշակի արդար հպարտութեամբ եւ ակնյայտ ուրախութեամբ:

Քսաներեք հայորդիներ, տղայ ու աղջիկ, որոնք պիտի երթան միանալու ճեմարանական այն սերունդներուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը կազմեն մեր գաղութի մտաւորական ընտրանին, հայեցի պատրաստութեամբ եւ մեր հանրային կեանքին հանդէպ գիտակից եւ խանդավառ հետաքրքրութեամբ:

Երկար տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հայութեան երկու մեծանուն զաւակները` Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, իրենց տեսիլքին գեղեցկութեամբ, հիմը դրին Համազգայինի Ճեմարանին, այն խոր համոզումով, թէ սփիւռքի կեանքին մէջ կրթական եւ մշակութային այդ օճախը նախախնամական դեր պիտի կատարէր` պատրաստելու համար այն տարրերը, որոնք պիտի գային լեցնելու հետզհետէ մեզմէ անդարձ մեկնողներու տեղը:

Ինչպէս ամէն հաստատութիւն, Ճեմարան եւս ունեցաւ հերոսական իր շրջանը: Հերոսական` իր ուսուցիչներու կրթանուէր զոհողութեամբ, հերոսական` իր աշակերտներուն տքնաջան աշխատանքով, յաճախ անձուկ պայմաններու մէջ, աննախատեսելի դժուարութիւններով: Ամէն անգամ ալ սակայն, հայ ժողովուրդը զօրավիգ կանգնեցաւ այս հաստատութեան: Քիչով ու շատով: Քիչ` երբ անձուկ էին նաե՛ւ իր նիւթական պայմանները. շատ` երբ համեմատական բարեկեցութիւն մը հնարաւորութիւն կու տար մեր ժողովուրդին` յաւելեալ չափով մը մտածելու հանրային կարիքներու մասին:

Ու ահա, ոչինչէն, պարզապէս տեսիլք ունեցող երկու առաքեալներուն հաւատքին ու հայ ժողովուրդի զոհողութեան ոգիին վրայ հիմնուած Ճեմարանը այսօր հասած է նախանձելի դիրքի մը` թէ՛ իր աշակերտութեան թիւին, եւ թէ նիւթական պայմաններուն տեսակէտէն: Երէկուան խարխուլ վարձու շէնքին փոխարէն, այսօր Ճեմարանը ունի բազմաթիւ շէնքեր, արդիական կառուցումով: Երէկուան փոքրաթիւ աշակերտութեան փոխարէն, այսօր` բազմահարիւր աշակերտութիւն: Ու նաեւ, ինչ որ կարեւորն է, Ճեմարանը հաւատարիմ մնաց այն ուղիին, որ գծած էին իր երկու հիմնադիրները: Գոհացում տալով հանդերձ կեանքի պահանջներուն` իրեն յանձնուած աշակերտութեան ապագան պատրաստելու գծով, երբեք չմոռցաւ, թէ իր հիմնական առաքելութիւնը հայ մշակոյթի սպասարկուներ, հանրային կեանքի անձնուէր գործիչներ եւ հայկական արժէքներու պահակներ պատրաստելն է:

Այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը շօշափելի իրականութիւն է ո՛չ միայն մեր գաղութին մէջ, ուր ճեմարանականներու հսկայ փաղանգ մը կը գործէ, այլ նաեւ բոլոր այն գաղութներուն, ուր Ճեմարանականներ գացած են` իբրեւ պատգամաւորները կրթական այս մեծ հաստատութեան:

Հայ ժողովուրդը պիտի գիտնայ պահել Ճեմարանը իր բարձրութեան վրայ: Որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ պիտի չառնէ, որպէսզի ան շարունակէ իր նախախնամական դերը: Պատրաստելով գաղափարական շունչով երիտասարդութիւն մը, որ կոչուած է հանդիսանալու առաջնորդը մեր հանրային կեանքին:

Հայութեան դիմագծի անաղարտ պահպանման, հայ մշակոյթի ծաղկումին ու զարգացման ի խնդիր մղուող պայքարին մէջ, Ճեմարանը ցարդ կատարեց իր կենսական դերը եւ այսուհետեւ պիտի գտնուի պայքարի նոյն ճակատին վրայ, միտքով ու հոգիով առողջ եւ պայծառ սերունդներ, ընծայելով հայութեան:

Այս համոզումը ունեցան իր հիմնադիրները, ունին այսօրուան ղեկավարները: Ունի մասնաւորաբար հայ ժողովուրդը, որ իր սրտին ամէնէն մօտիկ հաստատութիւններէն մէկը կը զգայ հայեցի կրթութեան այս օճախը եւ ամէն առիթով զօրավիգ կը կանգնի անոր:

 

Share this Article
CATEGORIES