Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամիսը սկսեցէք ուրախ տրամադրութեամբ: Կազմակերպեցէք պտոյտ մը` բարեկամներով, դէպի ծով կամ լեռնային շրջան մը, պարզապէս` մաքուր օդ շնչելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր աշխատանքը արդիւնաւէ՛տ ըլլայ, հեռու մնացէք ձեր ժամանակը խլող, ձրիակեր եւ շատախօս անձերէ: Մի՛ հաւատաք անոնց խօսքերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տարեդարձի մը կամ այլ ուրախ պատահարի մը կապակցութեամբ ներկայ պիտի ըլլաք զուարթ հաւաքոյթի մը, որ խնճոյքի պիտի վերածուի մինչեւ արշալոյս:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միայն ձեր անձին մասին մի՛ մտածէք, նկատի առէք ձեր ընտանիքը, հարազատները, հետաքրքրուեցէք անոնց հարցերով: Թէեւ իրարու մօտ կ՛ապրիք, բայց անտարբեր անծանօթի նման մի՛ մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արձակուրդի ամիս է յուլիսը, հետեւաբար կրնաք նոր ծրագիր մը մշակել դէպի արտասահման ճամբորդելու: Միացէք ընկերային շրջապտոյտ կազմակերպողին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երջանկութիւնը կը կայանայ ձեր ունեցածէն գոհ մնալու, սիրալիր կապ հաստատելու մէջ` ձեզի մօտիկ անձերու հետ: Ժպտուն եղէք, ոչ հակառակը, երջանիկ կ՛ըլլաք այս տրամադրութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կեանքի յաջողութիւնը ստեղծուած լաւ առիթը օգտագործելն է: Եթէ այդ առիթը կորսնցուցիք, ուրիշը մեղաւոր մի՛ նկատէք: Յանցաւորը դուք էք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հեռու մի՛ մնաք հոգեւոր մտածումներէ, օրը լուսաւոր միտքերով ապրելէ, կրնաք դաս առնել լաւատես անձերէ, զուարթ մարդերէ, որպէսզի ուրախանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ջանացէք զսպել ձեր ջիղերը, անհաճոյ հարցի մը պատճառով ոչինչ արտայայտուեցէք: «Լռութիւնը ոսկի է» իմաստուն խօսքին հետեւեցէք, կը շահիք, կը բարձրանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք ձեր սնունդին, թեթեւ ճաշերով գոհացէք: Օգտուեցէք ամրան պարգեւած պտուղներէն, որպէսզի աւելի առողջ եւ բարեձեւ ըլլաք: Առողջութիւնը գանձ է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ մանկավարժական հակումներ ունիք, հետեւեցէք դեռատի երեխաներու կրթութեան: Օրինակելի անձ մը եղէք, որովհետեւ մանուկներ կը հետեւին ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օգնութեան կարիք պիտի ունենաք նիւթականով կատարուող ծրագրի մը համար: Դիմեցէք փոխառութիւն տրամադրող հիմնարկի մը, որպէսզի օգտուիք, անհոգ մնաք:

