«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէս

3006zvartԼիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» կեդրոնի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 30 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Զուարթնոց» կեդրոնի սրահին մէջ:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով արտասանեց կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապաղեան: Ան յայտնեց, որ «Զուարթնոց» կեդրոն յաճախող աշակերտները կը ստանան համապատասխան կրթութիւն, բժշկական եւ սննդական հոգատարութիւն, եւ այս բոլորը` սիրոյ եւ գուրգուրանքի մթնոլորտի մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ կրթական ծրագիրը կը սկսի նախակրթարանէն եւ կը ներառէ թուաբանութիւն եւ գրականութիւն:

Արաքսի Տապաղեան յայտնեց, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի կեդրոնի ծրագիրներուն եւ կ՛արժեւորէ զանոնք` գնահատելով իրենց գործունէութիւնը` աւելցնելով նաեւ, որ կեդրոն կը յաճախեն 40 աշակերտներ, որոնք, ըստ կարողութեան բաժնուած են 5 բաժիններու` տարիքներու զանազանութեամբ եւ տարբեր համայնքներու պատկանող:

Կեդրոնի վարչութեան խօսքը արտասանեց Անի Պուճիքանեան: Ան նկատել տուաւ, որ որեւէ աշխատանքի պարագային, յատկապէս կրօնական, դաստիարակչական եւ ընկերային մարզերուն մէջ կարեւոր է տեսիլք ունենալը: Տեսիլքը մղիչ ուժն է բոլոր առաքելութիւններուն: Անի Պուճիքանեան կոչ ուղղեց ծնողներուն նիւթապէս թէ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու կեդրոնին, որ կը կարօտի վերաշինութեան եւ անհրաժեշտ է անոր մէջ ներառել աշխատանոցներ եւ գիշերօթիկի բաժին:

Այնուհետեւ կեդրոնի աշակերտները յաջողապէս ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որ կը ներառէր թատրոն, երգ, պար, նուագ:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան: Ան գնահատական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց կեդրոնի տնօրէնուհիին եւ անձնակազմին` իրենց նուիրումին համար, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն կեդրոնի յաջողութեան: Ապա պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES