Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Բնակչութիւնը` Կենցաղային Ծանր Պայմաններու Մէջ
Հալէպի մէջ կը շարունակուի կենցաղային էական տարրերու` ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը, իսկ ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 40-ի:
Ապահովական վիճակը եւս ցարդ չէ բարելաւուած, զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ արձակուող հրասանդներն ու հրթիռները կը շարունակեն վտանգել խաղաղ բնակչութեան կեանքը:

