«Բրիտանիան Պատրաստ Է Մնալու Եւրոպական Միութեան Մէջ, Եթէ Անոր Յատուկ Կարգավիճակ Տրամադրեն» Կ՛ըսէ Քամերոն

Տէյվիտ Քամերոն

Տէյվիտ Քամերոն

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրած է, որ Բրիտանիան պիտի մնայ Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ, սակայն այն պարագային, եթէ վերջինս ենթարկուի բարեփոխումներու, իսկ Լոնտոնին տրամադրուի յատուկ կարգավիճակ:

Անցեալ ուրբաթ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին մէջ ան ծանր պարտութիւն կրած է, երբ չէ կրցած արգիլել Լիւքսամպուրկի նախկին վարչապետ Ժան Քլոտ Եունքըրի առաջադրումը իբրեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու:

«Եունքըր առաջադրուած է իբրեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նոր նախագահ, եւ Բրիտանիա պիտի աշխատի անոր հետ», գրած է Քամերոն` աւելցնելով. «Սակայն մենք կ՛ակնկալենք, որ ան պիտի կարենայ լուծել Լոնտոնը անհանգստացնող խնդիրները: Մեզի համար ատիկա հրաժարումն է միացեալ նպատակէն, որուն կը ձգտի Եւրոպական Միութիւնը: Մենք դէմ չենք Եւրոպական Միութեան Եւրոյի գօտիի երկիրներու հետագայ համարկման: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա անխուսափելի է: Եւրոյի գօտիի պետութիւնները իրենք պէտք է տան իրենց որոշումները: Սակայն ես գիտեմ, որ Բրիտանիոյ ժողովուրդը չ՛ուզեր անոնց մասնակցիլ, ան կ՛ուզէ խուսափիլ աւելի խոր համարկումէն»:

«Ես խնդիրը կը տեսնեմ Եւրոպական Միութիւնը բարեփոխելու եւ այնտեղ Բրիտանիոյ համար տեղ երաշխաւորելու մէջ: Ատիկա ընելը դիւրին չէ», կ՛ընդգծէ Քամերոն:

Բրիտանիոյ վարչապետը արդէն յայտարարած է, որ եթէ ան մայիս 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ մնայ, 2017-ին Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն հարցով պիտի հրաւիրէ հանրաքուէի մը, որուն ընթացքին պիտի որոշուի նաեւ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն հարցը:

Share this Article
CATEGORIES