Ըստ «Վետոմոսթի»-ի. Մաքսային Միութեան Ռուսիոյ Գործընկերները Մերժած Են Սատարել Ուքրանիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վատթարացման

Փութին, Նազարպայեւ եւ Լուքաշենքօ

Փութին, Նազարպայեւ եւ Լուքաշենքօ

«Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիան տակաւին Ուքրանիոյ մէջ Վիքթոր Եանուքովիչի կառավարման օրերուն խոստացած էր այդ երկրին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու պարագային պաշտպանական միջոցառումներու ձեռնարկել, սակայն Եանուքովիչ չվճռեց ստորագրել այդ համաձայնագիրը: Օրաթերթը կը նշէ, որ այդպիսի քայլը սատարում չէ գտած Մաքսային միութեան մէջ Ռուսիոյ գործընկերներու կողմէ: Մասնաւորաբար խօսքը կը վերաբերի ուքրանական ապրանքներու ներածման սահմանափակման:

Պետական պաշտօնեայ մը օրաթերթին յայտնած է, որ այդ սահմանափակումը որդեգրելու համար Ռուսիոյ համար անհրաժեշտ եղած է Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի սատարումը ստանալ, սակայն այդ մէկը տեղի չէ ունեցած:

Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի խորհուրդի նիստին ընթացքին Ռուսիան Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի առաջարկած է ընդհանուր բանաձեւ որդեգրել ուքրանական ապրանքներու համար նոր դրութեան վերաբերեալ, սակայն որովհետեւ այդ երկիրները մերժած են, ըստ Մաքսային միութեան կանոններուն, Ռուսիան կրնայ միակողմանի գործել:

Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով ըսած է, որ Ռուսիան կրնայ միջոցառումներ սահմանել Ուքրանիոյ նկատմամբ, սակայն ատոր հիմքերը չէ ներկայացուցած: Պիելոռուսական կողմը հաստատած է, որ Մինսքը մերժած է սատարել Ռուսիոյ նախաձեռնութեան:

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ վերջերս ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի տնտեսական հատուածը:

Share this Article
CATEGORIES