Տեմիրթաշ Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Նախագահութեան Թեկնածու

Սելահաթթին Տեմիրթաշ
Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշը կ՛առաջադրէ իբրեւ Թուրքիոյ նախագահութեան թեկնածու:
Քրտական կուսակցութեան կողմէ իր թեկնածութեան առաջադրումէն ետք Տեմիրթաշ յայտնեց. «Չեմ գիտեր ընդհանուր առմամբ քանի՛ թեկնածուներ պիտի ըլլան, սակայն ընտրութեան մէջ երկու կողմեր պիտի մրցին. անոնցմէ մէկը մենք ենք, որ կը ներկայացնենք ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնը, աշխատաւորները, իսկ միւս կողմինները անոնք են, որոնք պետութիւնը կը ներկայացնեն»:
Քիւրտ քաղաքական գործիչը նաեւ ըսաւ, որ նախագահական ընտրութեան մէջ մեծագոյն հարցը կին թեկնածուներու բացակայութիւնն է, սակայն շեշտեց, որ իր ընտրական արշաւը «կիներու ազատութիւնները պիտի ներկայացնէ, որովհետեւ մեր արշաւը կիներն ու երիտասարդները պիտի վարեն»:
«Լուրջ պետութիւնը, չժպտացող պետութիւնը վերջ գտած է», ըսաւ Տեմիրթաշ` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ պետութիւնը կրնայ ժպտալ: Պետութիւնը բան մը չէ, որմէ պէտք է վախնալ»:
Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը հիմնուած է իբրեւ քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան քոյր կազմակերպութիւն եւ իր մէջ կը ներառէ շարք մը ձախակողմեան աւելի փոքր կուսակցութիւններ:
Տեմիրթաշ, որ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահն էր, այս ամսուան սկիզբը ընտրուեցաւ իբրեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան համանախագահ:

