Խամենէի. «Օտար Գաղտնի Սպասարկութիւններ Կը Կանգնին Իրաքի Եւ Շրջանի Իրադարձութեանց Ետին»

Այաթոլլա Ալի Խամենէի

Այաթոլլա Ալի Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ «օտար գաղտնի սպասարկութիւնները կը կանգնին Իրաքի եւ իսլամական հասարակութեան մէջ արձանագրուող կարգ մը իրադարձութեանց ետին»:

Ան ըսաւ, որ իսլամութեան թշնամիները իսլամութեան դէմ կը կռուին իսլամութեան անունով, իսլամական երեւոյթով եւ իսլամ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ գիտակցութեան աճէն վտանգուած կը զգան:

Ան ըսաւ. «Կարգ մը կողմեր կը փորձեն ջատագովել ամերիկեան իսլամութիւնը, որ առ երեւոյթ իսլամ անունը կը կրէ, սակայն համահունչ է անիրաւութեան եւ սիոնականութեան, ինչպէս նաեւ ամբարտաւաններուն ենթակայ է»:

Խամենէի կոչ ուղղեց իսլամներու միութեան, պառակտումը մերժելու եւ Քուրանին բովանդակութեան կառչելու:

Նշենք, որ Խամենէի մէկ օր առաջ յայտարարեց. «Այն ինչ որ շրջանին մէջ  տեղի կ՛ունենայ, սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ պատերազմ մը չէ, այլ` ահաբեկչութեան եւ անոր ընդդիմացողներուն»: Ան նշեց. «Իրաքի մէջ բռնարարքները Ամերիկայի ու արեւմուտքի նպատակները գործադրողներուն եւ իրենց ժողովուրդներուն ազատութեան աջակցողներուն միջեւ ճակատամարտ է, մարդկութեան եւ վայրագ բարբարոսութեան միջեւ ճակատում մըն է»:

 

Share this Article
CATEGORIES