Եգիպտոսի Նախագահական Պալատին Մօտ Երկու Պայթում

3006cairoԵգիպտացի երկու ոստիկաններ զոհուեցան, երբ Գահիրէի մէջ նախագահական պալատին մօտ ականներ վնասազերծելու ընթացքին ականները պայթեցան: Իսլամական խմբաւորում մը օրեր առաջ զգուշացուցած էր, որ արեւելեան Գահիրէի մէջ գտնուող պալատին մօտ ականներ լարած է:

Յստակ չէր, եթէ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի պայթումներուն ժամանակ Իթթիհատիյա պալատին մէջ կը գտնուէր:

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ գնդապետ մը զոհուած է եւ քանի մը ոստիկաններ` վիրաւորուած, երբ ականի վնասազերծման ժամանակ ականը պայթած է:

Հետագային, մինչ ոստիկանութիւնը շրջանը մեկուսացուց եւ փորձեց ականը վնասազերծել, երկրորդ ականը եւս պայթեցաւ` սպաննելով աւագ գնդապետ մը եւ վիրաւորելով շարք մը ոստիկաններ:

Նշենք, որ իսլամական զինեալներ 3 յուլիս 2013-ին Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ի վեր շուրջ 500 ոստիկաններ ու զինուորներ սպաննած են:

 

Share this Article
CATEGORIES