Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, վարչապետ Թամմամ Սալամը եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին շնորհաւորեց ռամատանի առիթով եւ շեշտեց ի նպաստ Լիբանանի շահերուն գործելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հրապարակուող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը դէպի լուծում կ՛ուղղուի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի բանտին դէմ ահաբեկչական հսկայ գործողութիւն մը կատարելու ծրագիրը առկայ է:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ երէկ հարցաքննեց Պահիժ Ապու Համզէն, որուն կողմէ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ դատական հարց յարուցուած էր, եւ անոր դէմ բերման գիր մը հրապարակեց:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը այս հանգրուանին լուսարձակներէ հեռու հանդիպումներ կ՛ունենան` երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւններուն ծիրին մէջ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց վերջ տալու նախագահական աթոռի թափուր մնալուն եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կատարելիք առաջնահերթ եւ հիմնական գործողութիւնը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ՍՈՒՐԻ իսլամ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին կոչ ուղղեց շարունակելու հաւատադրժողական շարժումներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Փարիզի մէջ ունեցած հանդիպումները նախագահական ընտրութեան առումով նոր լուծում մը չեն կրցած ապահովել:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Անթուան Նասրալլա կոչ ուղղեց կատարելու սահմանադրական առաքելութիւնները` վերջ տալ կարենալու համար նախագահական աթոռին թափուր մնալու կացութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է անկեղծ մօտեցումի եւ իսկական կամքի գործադրութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանը յուզող ապահովական այս ծանր հանգրուանին շրջանցումը կարելի կ՛ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆահի յայտնեց, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները ի յայտ բերած են շարք մը ահաբեկչական խմբաւորումներ` հանգստացնելու համար Իսրայէլը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը չգոյութիւնը կը տկարացնէ երկրին դիմադրողականութիւնը եւ զայն հսկայ վտանգներու կ՛ենթարկէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հինգ մեծ պետութիւններուն դեսպանները ճնշումներ կը բանեցնեն` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու կը մնայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքի որոշումներուն եւ կեցուածքներուն, «իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պատմութիւնը առիթ չի տար անոր կայուն երկրի մը նախագահը ըլլալու», աւելցուց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES