Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Պետական Հաստատութիւններուն 1 Եւ 2 Յուլիսին Փակ Պահելու Իրենց Դռները
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր պետական հաստատութիւններուն այսօր եւ վաղը փակելու իրենց դռները` աւելցնելով, որ ուսուցիչները պիտի շարունակեն պոյքոթի ենթարկել պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը:
Խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները կը շարունակեն անտեսել իրենց իրաւունքները, հակառակ անոր որ այդ իրաւունքները արդար են:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը հաստատեց, որ ինք իր գործադուլերէն եւ մագլցողական քայլերէն պիտի չհրաժարի, մինչեւ իր բոլոր իրաւունքներուն ձեռք բերումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

