Արայժի. «Քրիստոնեայ Քաղաքացիները Կառչած Կը Մնան Իրենց Երկիրներուն Մէջ Մնալուն Եւ Ազգային Համերաշխութեան Պահպանումին»

3006arayji_in_moscowՄշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ուղղափառ համայնքի խորհրդարանական համաշխարհային կազմակերպութեան տարեկան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ մշակութային յայտարարութիւն մը, մասնակցութեամբ` Ռուսիոյ, Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի:

Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Արայժի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ իբրեւ պատգամի երկիր եւ զանազան կրօններ ու քաղաքակրթութիւններ կամրջող երկիր` մասնակցելու նման առիթներու:

Ան ընդգծեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաները սկիզբէն ի վեր արմատներ ունին այդ հողերուն մէջ եւ հակառակ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն, անոնք կառչած կը մնան իրենց հայրենիքին եւ ազգային համերաշխութեան` տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու հետ:

Նշենք, որ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանի եւ Ղասսան Մուխայպեր:

Share this Article
CATEGORIES