Պըրրի – Մաշնուք Հանդիպում

Մաշնուք եւ Պըրրի

Մաշնուք եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Թալալ Մերեհպի:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, թէ խորհրդարանի նախագահը կը փափաքի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին իրենց ճշգրիտ թուականին, եւ չ՛ուզեր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգել:

Ըստ այցելուներուն Պըրրի յայտնած է, որ եթէ մինչեւ այդ թուականը կարելի չըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու նպատակով ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել, ապա կարելի է 1960-ի ընտրական օրէնքով շարունակել աշխատանքը:

Պըրրի շեշտեց նաեւ ապահովական իմաստով կատարուելիք ներդրումներուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը կազմեն երկրին փրկութեան լաստը` նկատի ունենալով նախագահական թափուր աթոռն ու երկու իշխանութիւններուն` օրէնսդրական եւ գործադիր, աշխատանքներուն առջեւ դրուած խոչընդոտները:

 

Share this Article
CATEGORIES