Շաթիլայի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

3006dahesh_lebanonՇաթիլայի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Զիր պաղեստինեան խմբաւորումի անդամներուն եւ Նասեր Տրուպիի համակիրներուն միջեւ:

Բախումներուն պատճառով սպաննուեցան երկու անհատներ եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:

Զինեալ բախումներէն ժամ մը ետք, երկու կողմերը գնդացիրներուն կողքին սկսան օգտագործել նաեւ նռնականետեր:

Բանակը Շաթիլայի մուտքին ամրապնդեց իր դիրքերը:

Աւելի ուշ սպաննուած անհատներէն Ուաէլ Շաարի (Ծանօթ` Ուաէլ Թալ անունով) ընտանեկան պարագաները հրկիզուած անիւներով փակեցին Քֆարրըմանի ճամբան` բողոքելով անոր սպանութեան դէմ: Անոնք սուրերով յարձակեցան նաեւ անցնող ինքնաշարժներուն վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակի ջոկատ մը ժամանէ այդ շրջանը եւ հակակշիռի տակ առնէ խուլիկանութիւնները:

Նշենք, որ «Տիւրոյ» պանդոկին պայթումէն ետք բացուած հետաքննութիւնը փաստած է, թէ Լիբանան աշխատանքի այն դաշտն է, ուր ՏԱՀԵՇ պէտք է ունենայ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակները:

Նոյն հետաքննութիւններուն համաձայն, այդ ահաբեկիչներուն պարտականութիւնն է թիրախ դարձնել լիբանանեան զինեալ ուժերը` բանակը եւ ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլան ու շիիական շրջանները:

«ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ տարածքին մէջ ստեղծած է շրջան մը, ուր անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ կը մարզէ», այս մասին յայտնած է «Նափոլէոն» պանդոկին մէջ ձերբակալուած ֆրանսացի ահաբեկիչը` աւելցնելով, որ ինք գտնուած է մարզումի այդ կեդրոնին մէջ եւ տեղեկութիւններ ունի, որ շուրջ 15 ահաբեկիչներ պիտի ուղարկուին Լիբանան:

Այս բոլորին կողքին, հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, թէ ՏԱՀԵՇ Լիբանանի մէջ նշանակած է իր իշխանը` Ապտել Սալամ Օրտոնին, որ ուղղակիօրէն պատասխանատու է Մունզեր Հասանի, որ իր կարգին անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներուն կը տրամադրէ պայթուցիկ նիւթերը, ականները եւ գումակային դիւրութիւններ:

Իսկ կարգ մը ահաբեկչութիւններու պատասխանատուութիւնը ստանձնած «Ահրար Սուննա-Պաալպեք» փաղանգը «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն յայտնեց, որ իրենք Ապու Պաքր Պաղտատին կը ճանչնան իբրեւ իսլամներու խալիֆա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES