«Թղթակիցներ Առանց Սահմաններու»-ն Կը Քննադատէ Հայաստանի Մէջ Լրագրողներուն Նկատմամբ Ոստիկանութեան Բռնութիւնը

arton46537-92da0«Թղթակիցներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը իր անհանգստութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ լրագրողներուն դէմ գործադրուած բռնութեան դէպքերուն առնչութեամբ:

Կազմակերպութեան կայքին համաձայն, 23 յունիսին լրագրողները ոստիկանութեան բաժանմունքին մօտ, 60 գործիչներու հետ սպասած են նոյն օրը աւելի կանուխ ձերբակալուած գործիչներու ազատ արձակման:

Այդ միջոցին ոստիկան մը հարուածած է լրագրող Անի Գէորգեանի դէմքը, ուրիշ մը հարուածած է նաեւ Արփի Մախսուդեանը, երբ վերջինս տեղի ունեցածը կը նկարէր հեռաձայնով: Ոստիկանները յարձակած են նաեւ «Կալա Թի. Վի.»-ի նկարիչ Փայլակ Ֆահրադեանի վրայ, եւ գետին նետած անոր ելեկտրոնային նոթպուքը: «Մենք վճռականօրէն կը քննադատենք լրագրողներուն դէմ ոստիկանութեան բռնութիւնը, մանաւանդ որ անոնք պարզապէս օրինաւոր կերպով իրենց աշխատանքը կը կատարեն: Ոստիկանութեան գործողութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան, այլապէս անոնց յարձակողական կեցուածքը կրնայ կրկնուիլ եւ դառնալ բնական ընթացք: Լրագրողներուն վրայ յարձակած ոստիկանները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին», յայտարարած է Եոհան Պիրը` կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի ղեկավարը:

Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդ օրը ձերբակալուած է 27 գործիչ:

Share this Article
CATEGORIES