Դարձեալ Հանրահաւաք` Ելեկտրականութեան Սղութեան Դէմ. Քաղաքապետարանը Չ՛արտօներ
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի շէնքին մօտ, այսօր տեղի պիտի ունենայ հերթական բողոքի ցոյցը: Ատիկա, ըստ քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած տեղեկատուութեան, դարձեալ արտօնուած չէ: Ցոյցի կազմակերպիչ «Կանխենք ելեկտրականութեան սղութիւնը» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ կը յայտնէ, որ բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ժամը 10:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Նշենք, որ այսօր Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը նիստ պիտի գումարէ, որուն օրակարգին մէջ ընդգրկուած է ելեկտրականութեան սղութեան հարցը: Որոշումի նախագիծին համաձայն բնակչութեան համար ժամական 1 քիլոուաթ ելեկտրականութիւնը կրնայ սղիլ 10 առ հարիւրով կամ 3,85 դրամով: Ի դէպ, յանձնախումբը սեփական նախաձեռնութեամբ որոշած է վերանայիլ սակագինը` համեմատաբար աժան ելեկտրականութիւն արտադրող եւ պետական սեփականութիւն հանդիսացող կայաններուն մէջ սակագիներու անխուսափելի վերանայման պատճառաբանութեամբ: Յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեան 10 յունիսին Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին այս հարցով կազմակերպուած քննարկումներուն ժամանակ չէր բացառած, որ ելեկտրականութեան նոր սակագինը ուժի մէջ կը մտնէ արդէն 1 օգոստոսէն: Ի դէպ, այս հարցով յանձնախումբի վերջին աշխատանքային քննարկման օրը` 23 յուլիսին, Սարեան փողոցին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ոստիկաններու հետ ընդհարման ընթացքին շուրջ 30 քաղաքացիներ բերման ենթարկուած էին: Իրաւապահներուն հիմնական պնդումը այն էր, որ բողոքի ցոյցը արտօնուած չէր:

