Պաքուի Մէջ. Հայկական Պատուիրակութիւնը Յաջողութիւններ Արձանագրեց

Աղուան Վարդանեան
Պաքուի մէջ երէկ աւարտեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնախումբին նիստը:
Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Պաքուէն «Երկիր»-ին տեղեկացուց, որ յաջողած է Հայաստանի համար կարեւոր եւ սկզբունքային երեք ուղղում մտցնել յանձնախումբի զեկուցումին եւ վերջնական ընդունուած բանաձեւին մէջ:
Ըստ անոր, արձանագրութեան 23-րդ կէտը, որ պատրաստած էր զեկուցումին ու բանաձեւի հեղինակը` Ֆինլանտայի ներկայացուցիչ Փիա Քաուման, ընդգծած էր մասնակից երկիրներու սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը` ամրագրուած Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին մէջ:
«Մեր պատուիրակութիւնը տակաւին Երեւանէն առաջարկ ներկայացուցած էր, որուն միացած էին նաեւ այլ երկիրներէ այլ պատգամաւորներ: Կոմիտէի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ մեր առաջարկը, որ անցաւ, եւ արդէն այդ բանաձեւին բնագիրին մէջ աւելցան նաեւ տագնապներու խաղաղ լուծման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրող սկզբունքները: Այսինքն` երեք սկզբունքներ ամրագրուեցան բանաձեւին մէջ: Զեկուցումին հեղինակը համաձայնեցաւ մեր առաջարկին հետ, եւ մեծամասնութիւնը քուէարկեց յօգուտ մեր առաջարկին», ներկայացուց Աղուան Վարդանեան:
Քաղաքական հարցերու յանձնախումբի արձանագրութեան մէջ, բացի անկէ, հայկական պատուիրակութիւնը յաջողած է երկու այլ առաջարկներ եւս ընդունիլ տալ, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ: Արձանագրութեան նախագիծին մէջ նշուած են ցեղային խումբերու դէմ յանցագործութիւնները դատապարտող դրոյթներ, եւ հայկական կողմին առաջարկով այդ կէտին կողքին աւելցուած է նաեւ կրօնական խումբերուն հանդէպ յանցագործութիւնները դատապարտող դրոյթը: «Ասիկա ընդունուեցաւ: Երկրորդը` մենք առաջարկեցինք, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրները թոյլ չտան, որ իրենց տարածքները օգտագործուին արմատական եւ ահաբեկչական խումբերու կողմէ` դէպի Սուրիա անցում կատարելու եւ այնտեղ ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ ոճիրներ կատարելու համար: Ատիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերի Թուրքիոյ, Քեսապի հարցերուն, եւ ազրպէյճանցիներուն, որոնք այնտեղ կը կռուին ու կը սպաննուին», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
Հայկական պատուիրակութեան այս երկու առաջարկները եւս ընդունուած են, որոնք, ըստ Վարդանեանի, շատ կարեւոր էին հայկական կողմին համար:

