2011-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ` ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող 2011-ի աղջկանց Մոնտիալին ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող չորս խումբերը:
Հետաքրքրական պիտի ըլլան չորս ճակատումներն ալ` նկատի ունենալով, որ ութ երկիրներն ալ ունին զօրաւոր կազմեր:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Անգլիա – Ֆրանսա 19:00
Գերմանիա – Ճափոն 21:45
ՎԱՂԸ
Շուէտ – Աւստրալիա 14:00
Պրազիլ – Միացեալ Նահանգներ 18:30
CATEGORIES Մարզական