ԿԱՐՕ ՃԵՀԻԶԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կարօ Ճեհիզեան

Քառասուն օրեր առաջ սրտի դառն կսկիծով հողին յանձնեցինք բոլորիս սիրելի Կարօ Ճեհիզեանը, որ իբրեւ հաւատաւոր դաշնակցական, լուռ ու խոնարհ, միշտ ալ մեծ մնաց իր համեստութեամբ:

Ամէն անգամ կը զգանք մահուան ահաւորութիւնը, երբ սիրելի մը կը կորսնցնենք: Այդ ահաւորութիւնը զգացինք, երբ կորսնցուցինք ընկեր Կարոն, որ իր ողջ էութեամբ եղած էր խոնարհ ու կամաւոր զինուորը Դաշնակցութեան` միշտ գործելով առանց աղմուկի, լուռ ու մունջ, առանց փայլուն երեւոյթներու:

Այո, պատասխանատուութիւն վերցնելը ծանր պարտականութիւն է անկասկած, կրկնակի ծանր պարտականութիւն է սակայն, եւ` հերոսութիւն, երբ պատասխանատուութիւնը կը վերցուի տագնապալի օրերու մէջ:

Կարօ Ճեհիզեան եղաւ այն խիզախ ընկերներէն, որոնք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ ընթացքին, սկիզբէն մինչեւ աւարտը, մնացին պատնէշի վրայ եւ վերցուցին պատասխանատուութիւններ, եւ ինչե՜ր չտեսան ու չապրեցան անոնք…

Ընկեր Կարօ եւս գործեց այդ օրերուն թէ՛ իբրեւ պարզ ընկեր, թէ՛ իբրեւ կոմիտէի անդամ կամ հերթապահ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, որուն սահմանները այդ օրերուն ընդարձակուած էին Ամանոսէն մինչեւ Նահր Մոթ, Մար Եուսեֆէն մինչեւ Ժտէյտի ու Ֆանար եւ Պաուշրիէէն մինչեւ Ռաուտա…

Անիշխանական կացութիւն, ռմբակոծումներ, խափանարարութիւն եւ ոճրագործութիւն:

Անկարգ վիճակ, գողութիւններ եւ ամէնօրեայ դէպքեր` հայերուն հետ, եւ կոմիտէն պարտաւոր էր այդ հարցերը լուծելու, այդ իսկ պատճառով ակումբը դարձած էր ընկեր Կարոյին տունը, յաճախ շաբաթներ շարունակ կը քնանար ակումբը:

Անկախ այդ ժամանակաշրջանին ընթացիկ նկատուող ամէնօրեայ դարձած այդ դէպքերէն ու պատահարներէն, ընկեր Կարօ ինք անձամբ ենթարկուեցաւ փորձառութեան:

Քանի մը ընկերներու հետ առեւանգուեցաւ դաւադրաբար, ապա իր սեփական խանութը ականահարուեցաւ` կրելով նիւթական մեծ վնասներ, եւ աւելի ուշ իր բնակարանի պատշգամէն ականատես եղաւ իր զաւկին ականուած ինքնաշարժի պայթումին, երբ ան կը գտնուէր ինքնաշարժին մէջ ու հրաշքով միայն կը փրկուէր դաւադիր ձեռքերուն լարած թակարդէն:

Այս բոլորը անկասկած քողարկուած նամակներ էին` ուղղուած Կարօ Ճեհիզեանին` զինք տկարացնելու եւ իր հոգին ու ոգին ընկճելու, բայց ընկեր Կարօ մնաց հաստատ ու տոկուն կամքով` աւելի եւս կառչելով իր սկզբունքներուն:

Փոքր տարիքէն ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին` ըլլալով   Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտ եւ մարզիկ, կիրարկած է ֆութպոլ եւ 18 տարեկանին տալով դաշնակցականի իր երդումը` անդամագրուած է ՀՅԴ շարքերը 1948-ին, մինչեւ իր մահը մնալով հաւատարիմ կուսակցական:

Որքան ամուր հաւատք եւ կարծր կեցուածք ունէր ազգային եւ կուսակցական հարցերուն գծով, նոյնքա՛ն հեզ էր, ազնիւ ու բարի` հանդէպ շրջապատի հարցերուն, երբ ատոնք արդար նկատէր:

Բաւական երկար դիմադրելէ ետք, անողոք հիւանդութիւնը մեր ընկերը խլեց մեզմէ` մեզի ձգելով բարի յիշատակներ, որոնք մեզի կը փոխանցեն միայն ու միայն ընկեր Կարոյին արժանիքներէն` խրոխտ կեցուածք ու խիզախ կամք իբրեւ դաշնակցական, ինչպէս նաեւ անսահման համեստութիւն` որպէս ընկեր, ընտանիքի հայր ու բարեկամ:

Ննջէ հանգիստ, ընկե՛ր Կարօ:

Քու գործունէութիւնդ կը գնահատենք մեծապէս, դուն մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնաս իբրեւ մեծ եղբայր ու երէց ընկեր, որ տիպար օրինակը եղաւ խիզախ կեցուածքի եւ ծառայութեան ոգիի:

Խունկ ու մոմ քու յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ…

ՅԱԿՈԲ ՔԵՇԻՇԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES