ՅՈՒՇԵՐ ԸՆԿԵՐ ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԻՏԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կ՛ուզէի հակիրճ կերպով անդրադառնալ ընկ. Նազարէթ Պիտանեանի կենսագրական գիծերուն` նախքան խօսիլս  իր 22 տարիներու Սան Ֆրանսիսքo կեցութեան մասին, ուր սկսած էր մեր ծանօթութիւնն ու մտերմութիւնը:

Ն. Պիտանեան ծնած է 1917-ին, Փոր Սայիտ: 1919-ին հազիւ երկու տարեկան մանուկ, իր գաղթական ծնողքին հետ կը վերադառնայ Մուսա Լեռ, 1932-ին Նազարէթ 15 տարեկան պատանի հասակին կ՛ընդունուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նորաբաց Ժառանգաւորաց վարժարանը: 3 տարի ետք, աւարտելով դպրեվանքի ուսումնական շրջանը, որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Քրքխանի Ազգային վարժարանին մէջ, նոյն տարիներուն իսկ մուտք կը գործէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, եւ, հոս է, որ կը սկսի Նազարէթ Պիտանեանի դաշնակցական գաղափարական համոզումի ու կերտումի ժամանակաշրջանը: Այնճարի մէջ ան կը շարունակէ իր կեանքը` որպէս ուսուցիչ ազգային «Յառաջ» վարժարանին մէջ. եւ այսպէսով  է, որ ան կը դառնայ բարի ուսուցիչը  այնճարցիներու  երկար փաղանգի մը, որոնք երախտագիտութեամբ կը խօսին իր մասին մինչեւ այսօր:

1967-ին, Ն. Պիտանեան դարձեալ գաղթականի ցուպը ձեռք առնելով, իր կնոջ` Սօսէին, երկու դուստրերուն` Ազատիկին ու Սիլվային եւ որդւոյն` Պօղոսին հետ կու գայ  Ամերիկա: Կարճ շրջան մը մնալէ ետք Արեւելեան Ամերիկա, կը փոխադրուին Սան Ֆրանսիսքօ: Հոս կը սկսի անոր գործունէութեան նոր դաշտը, եւ ան կ՛ունենայ կուսակցական բեղուն գործունէութիւն: Ն. Պիտանեան կ՛ըլլայ ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, կարճ ժամանակաշրջան մը «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմի անդամ, մէկէ աւելի անգամներ` տեղական կոմիտէի անդամ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ազգային երեսփոխան, 1973-ին Համազգային հայ մշակութային միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ հետագային` ատենապետ ու վարչական:

1971-ին կեանքի ճակատագիրը մեզ ալ նետեց Ամերիկայի այս ափերը եւ ընտանեօք հաստատուեցանք Սան Ֆրանսիսքօ, այս բազմամշակոյթ ու գեղեցիկ քաղաքը, ուր կար շուրջ 20 հազար հայութիւն, քանի մը եկեղեցիներ, կազմակերպուած եկեղեցական, կուսակցական ու մշակութային կեանք, եւ այս բոլորին մէջ արդէն իսկ ընկ. Ն. Պիտանեան դրոշմած էր իր կազմակերպչական տաղանդն ու ներդրումը` դառնալով Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութին մէջ փնտռուած ու յարգուած ազգայիններէն մին:

Ընկ. Ն. Պիտանեանին հետ մեր ծանօթութիւնը սկսած էր կուսակցական ճամբով, եւ որպէս այդպիսին, Սան Ֆրանսիսքօ հասնելուս ու հացի ճամբաս գտնելէ ետք, առաջին գործերէս մէկը եղած էր Լիբանանէն բերած կուսակցական փոխանցագիրս փոխանցել ՀՅ Դաշնակցութեան տեղական կոմիտէին, որուն լաւագոյն կապը պիտի ըլլար ընկ. Պիտանեանը, որ կոմիտէի անդամ էր: Սակայն ի՛նչ գիտնայի, թէ հոս երկու կոմիտէներ կային, մէկը երիտասարդներու, իսկ միւսը` ծերերու. չեմ գիտեր, լաւ թէ վատ բախտէս, Պիտանեանը ծերերու կազմին մէջ ըլլալուն, ես ալ ինքնաբերաբար ծերերուն մէջը եղայ, բայց շատ ուրախ էի, իրենցմէ սորվելիք շատ բան կար:

Ընկ. Պիտանեանը շա՜տ շատերուն համար, մանաւանդ մեր այնճարցի հայրենակիցներուն համար, եղած է վաստակաշատ ուսուցիչ եւ սերունդներ պատրաստած է այդ ճամբով: Իսկ ինծի համար եղած խթանող ուսուցիչ: Օր մը, կուսակցական ձեռնարկի  մը առիթով ինծի պարտականութիւն տրուած էր  ելոյթ ունենալու, այդ առիթով նիւթս պատրաստած էի գրաւոր, նիւթս գիտէի, սակայն հայերէնիս վրայ վստահութիւն չունէի. բաւական մտածելէ ետք որոշեցի  երթալ ընկ. Պիտանեանին մօտ եւ խնդրել իրմէ, որ սրբագրութիւններ կատարէ: Ներկայացուցի գրութիւնը իրեն` ըսելով. «Ընկ. Պիտանեան, հաճիս սա գրութիւնը աչքէ անցուր մէյ մը ու քիչ մըն ալ հայերէնի վերածէ: Երեք էջերը կարդաց, մէյ մը ինծի նայեցաւ, սարսափը մէջս ինկաւ արդէն. վերջը ակնոցը փոխեց ու նորէն կարդաց, ապա հանդարտօրէն աչքերուս մէջ նայելով ու իւրայատուկ վեր ու վար գլխու շարժումէ մը ետք ըսաւ` «Սա՛ հայերէն է արդէն»: Այս քանի մը քաջալերական բառերը  մեծ խթան հանդիսացան ու ինքնավստահութիւն տուին ինծի ու մինչեւ այսօր ականջիս մէջ կը հնչեն իր ոսկի խօսքերը, ամէն անգամ որ յիշեմ զինք: Մեծապէս երախտապարտ եմ իրեն, ինչ որ կը գրեմ այսօր, շատ բան կը պարտիմ իր քաջալերանքին:

Առ ի գնահատանք Ն. Պիտանեանի ազգային, կուսակցական ու մշակութային երկարամեայ ծառայութեան, Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց մեծարանքի  երեկոյթ մը 6 նոյեմբեր 2004-ին, «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Բազմավաստակ ուսուցիչը մեծարելու համար ներկայ էին Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները: Այս յուշերու կարգին, կ՛արժէ նաեւ կարգ մը մէջբերումներ ընել օրուան խօսողներէն:

Երեկոյթին գլխաւոր խօսողը եւ Պիտանեանին կեանքն ու վաստակը ներկայացնողն էր այդ օրերուն Հայաստանէն հիւրաբար Սան Ֆրանսիսքօ գտնուող, ազգային ու քաղաքական մեկնաբան, հրապարակագիր ու «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան. ան հանգամանօրէն ներկայացնելով Ն. Պիտանեանը, իբրեւ երկար տարիներու կրթական մշակի, մտաւորական ու կուսակցական գործիչի, ի մէջ այլոց նաեւ ըսաւ. «Ն. Պիտանեանը ինծի ուսուցիչ չէ եղած, սակայն դաստիարակած է իմ ծնողներս, մօրս ու հօրս ուսուցիչը եղած է: Մուսա Լերան եօթը գիւղերէն տարագրուած ու Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ վերաբնակեցուած սուէտացիներու առաջին սերունդը իր կրթութիւնը վրանի տակ սկսաւ ստանալ, եւ թէ՛ հայրս ու թէ՛ մայրս իրենց առաջին ուսուցիչներու շարքին պրն. Ն. Պիտանեանը իբրեւ կրթական մշակ ունենալու բախտը ունեցած են, եւ երկուքն ալ այսօր եւս քաղցրութեամբ ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց ուսուցիչը: Ես ալ անձնական երախտագիտութեան զգացումէ մեկնած է, որ այսօր կը միանամ յարգանքի այս երեկոյին, որովհետեւ իմ հաստատ համոզումս է, որ այս մարդուն ես շատ բան կը պարտիմ, ոչ միայն իբրեւ իր կրթած Շահէնին ու Սոնային զաւակը, այլեւ իբրեւ Պիտանեանի ու իր նմաններուն կողմէ ամուր ու հզօր կրթական դաստիարակչական համակարգով հարստացած ազգային կրթութեան օճախ` Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի դասարաններէն շրջանաւարտ աշակերտ»:

Մեծարանքի երեկոյթին հանդիսավարուհին էր Շուշան Թաշճեան, ան Ն. Պիտանեանի մասին խօսելով` ըսաւ. «Ընկ. Պիտանեանը կը ճանչնամ մանկութենէս, իբրեւ համագիւղացիի եւ ուսուցիչի. դժբախտաբար իրեն աշակերտ չեմ եղած, սակայն իր աշակերտները ինծի ուսուցիչ եղած են, ձեւով մը ուսուցիչ-աշակերտ հոգեկան կապ մը կայ մեր մէջ»:

Նոյն երեկոյ, իր աշակերտներէն, գաղութի սիրուած երգչուհիներէն Հելեն Պուրսալեան երգեց հայրենի երգահան Ա. Հեքիմեանի «Սիրելի ուսուցիչ»ը` ձօնելով զայն իր ուսուցիչին` Նազարէթ Պիտանեանին: Եւ այսպէս, լաւ  ու անուշ յուշերու երկար շարք մը կայ տակաւին իր հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն մօտ, յուշեր, որոնք երկար տարիներ պիտի յիշուին:

Ընկ. Ն. Պիտանեան 22 տարի Սան Ֆրանսիսքօ  ապրելէ ետք, 1989-ին իր կնոջ` Սօսէին հետ կը փոխադրուին Ֆրեզնօ, ուր բաղդատաբար աւելի հանգիստ կեանք մը կ՛ապրէր իր դուստրերուն, որդւոյն, թոռներուն ու բարեկամներուն հետ: Կարճատեւ անհանգստութենէ մը ետք, ան մահացաւ 22 մայիս 2011-ին: Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 26 մայիս 2011-ին Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, իր հարազատներուն, գաղափարակից ընկերներու ու բարեկամներու ներկայութեան:  Մահուան քառասունքին առիթով, կիրակի 10 յուլիս 2011-ին, յաւարտ Ս. պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Ընկ. Պիտանեան, այս քանի մը տողերը թող փունջ մը ծաղիկ ըլլան անթառամ շիրիմիդ վրայ: Յիշատակդ միշտ պիտի մնայ մեր մէջ, այս օտար ցուրտ հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES