ՓՈԼ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
28 յունիսի առաւօտեան մահացաւ սփիւռքահայ լայն շրջանակի կողմէ սիրուած երգիչ Փոլ Պաղտատլեան:
1953-ին Հալէպ ծնած Փոլը, իր իւրայատուկ ոճով երգի ասպարէզ մտած է 1974-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
1977-ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր շարունակած է երգել ու իր երգերուն սկաւառակները պատրաստել: Յաճախ հրաւիրուած է արտասահմանեան տարբեր համայնքներ` ելոյթ ունենալու համար պարահանդէս-հաւաքոյթներու սրահներու մէջ:
Պաղտատլեան վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ, որմէ չկրցաւ կազդուրուիլ: Շատերու կողմէ փնտռուած երգիչ էր ան:
CATEGORIES Անդրադարձ


