Թենիս. Արաբական Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Պէյտան` 9 Տարեկանէն Վար Ախոյեան
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդակցութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական կրտսերներու թենիսի ախոյեանութեան (10 տարեկան եւ վար) իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանցի Ֆատի Պէյտան 9 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան` աւարտականին յաղթելէ ետք թունուզցի Եուսեֆ Ապէյտի` 4-1 արդիւնքով:
Ատկէ բացի, ան ճանչցուեցաւ նաեւ իբրեւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը (տղոց մէջ):
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Օմար Մասրի, Քրիսթոֆըր Սայեղ, Ճիորճիօ Պէյտան, Հապիպ Ռիաշի, Քարլ Սայեղ (տղաք), Մարիա Պրէյտի, Եասմին Զաքքա (աղջիկներ) եւ Պութրոս Պէյտան (մարզիչ):
CATEGORIES Մարզական

