2014-ի Մոնտիալ. Քարակունիս Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի 37 տարեկան խմբապետ Կիորկիս Քարակունիս երէկ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը:
Ան իր վերջին մրցումը Յունաստանի հետ կատարեց կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, երբ Յունաստան չկրցաւ ապահովել 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի իր տոմսը, պարտուելէ ետք Քոսթա Ռիքայէն` փենալթիներով` 5-3 արդիւնքով:
Ան Յունաստանի շապիկը առաջին անգամ կրեց 1999-ին: 139 մրցումի ընթացքին 10 կոլ նշանակած Քարակունիս 2004-ին Յունաստանի հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

